Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք նախկին նախարար Կապի Լայեուն համախմբումին անունով կոչ ուղղեց ներքին գործոց նախարարութեան` ընտրութիւնները կատարելու ճշդուած թուականին:
Ան ընդգծեց, որ համախմբումը կառչած կը մնայ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերող բարեկարգումներուն, որոնցմէ հիմնականը քուէարկող քաղաքացիին ազատութիւնն է, ինչպէս նաեւ քուէակեդրոնին յարմարութիւնը:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` Լայեուն կոչ ուղղեց քննարկելու այս մասին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի մշակած ծրագիրը:



