Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանան Լիբանանեան Բանակին Պիտի Տրամադրէ «Էմ 60» Տիպի Թնդանօթներ

October 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Յորդանան, ուր ընդունուեցաւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին կողմէ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Ապտալլա Բ. թագաւորը շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը` անոր մղած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան յաղթանակին առիթով:

Ապտալլա Բ. թագաւորը բացարձակ զօրակցութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին:

Իր կարգին, զօր. Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց թագաւորին` բանակին նկատմամբ անոր վստահութեան, ինչպէս նաեւ բանակը զինելու անոր պատրաստակամութեան համար:

Ան շեշտեց, որ բանակը միշտ պիտի պաշտպանէ Լիբանանը եւ անոր ապահովական կայունութիւնը:

Զօր. Աուն հանդիպումներ ունեցաւ յորդանանեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մահմուտ Ապտել Հալիմ Ֆրայհաթի, ինչպէս նաեւ յորդանանցի բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:

Հանդիպումներուն ընթացքին յորդանանցի բարձրաստիճան զինուորականները ողջունեցին լիբանանեան բանակը` բարձր գնահատելով ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարն ու արձանագրած յաղթանակը, ինչպէս նաեւ կարճ ժամանակի ընթացքին Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային ազատագրումը:

Հանդիպումներուն ընթացքին  ծրագրուեցաւ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերուն հետ միացեալ ռազմափորձեր կատարել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին տրամադրել «Էմ 60» տիպի 30 ամերիկեան թնդանօթ:

 

Նախորդը

Ուահապ. «Սուրիոյ Եւ Նախագահ Ասատի Պիտի Զօրակցինք` Մինչեւ Յաղթանակ»

Յաջորդը

Մաշնուք Լասընի Հետ Քննարկեց 2018-ի Ընտրութիւններուն Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.