Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Հայկական Թանգարանի Վերաբացման Ծրագիր Կը Մշակուի

October 3, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երուսաղէմ ոտք դրած զբօսաշրջիկները, անկախ ազգութենէն, հայկական թաղամասը չեն շրջանցեր: Անիկա մէկն է Հին Քաղաքի չորս թաղամասերէն. միւս երեքը կը պատկանին քրիստոնէական, հրէական եւ մահմետական համայնքներուն: Սուրբ քաղաքին մէջ հայերու դարաւոր ներկայութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը փաստող վկայութիւնները շատ են: Բայց այն, ինչ կրնան տեսնել այցելուները, փոքր մասն է միայն:

Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանի «Էդուարդ եւ Էլեն Մարտիկեան» թանգարանը չի գործեր աւելի քան 20 տարիէ: Ֆրանսահայ նշանաւոր հայագէտ, պատմաբան, մաթեմատիկոս Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան 1979-ին այցելած էր թանգարան, բայց մինչեւ հիմա կը յիշէ անոր անմխիթար վիճակը:

Մօտ երկու տարի առաջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան Քլոտ Մութաֆեանին առաջարկած է զբաղիլ թանգարանի վերաբացումով: Ֆրանսահայ հայագէտ Յարութիւն Գէորգեանի եւ թանգարանագէտ Յարութ Պեզճեանի հետ սկսած են պատրաստել  ցուցադրութեան գիտական ծրագրի նախնական տարբերակը:

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը Քլոտ Մութաֆեանը հրաւիրած էր` ներկայացնելու կատարուած աշխատանքը:

Գիտնականը կ՛ըսէ, որ Հայաստանէն ետք Երուսաղէմը ամենամեծ ու արժէքաւոր հայագիտական շտեմարանն է: Ցաւօք, այդ ահռելի նիւթը փակ է:

«Շատ զբօսաշրջիկներ Երուսաղէմ կ՛այցելեն, եւ անոնց ուղեցոյցին մէջ նշուած է հայկական թաղամասը: Կ՛երթան, բայց մայր տաճարը այցելութեան համար բաց է միայն 15:00-15:30: Յետոյ կը տեսնեն, որ սլաքը ցոյց կու տայ` Armenian museum: Կ՛երթան, փակ է: «Սիրտս կը ցաւի, որ մարդիկ խանդավառութեամբ կու գան, բայց ոչինչ կը տեսնեն: Եթէ մէկը կ՛ուզէ իմանալ, զարգանալ, պէտք է օգնել անոր: Միաբաններու կողմէ մեծ դիմադրութիւն կայ: Տարօրինակ մտածելակերպ է` մերն է, պէտք է պահենք, օտարը չտեսնէ, չնախանձի», կ՛ըսէ Քլոտ-Արմէն Մութաֆեան: 700 քառակուսի մեթր տարածքով երկյարկանի շէնքը պէտք է բարեկարգուի, եւ յարմարութիւն ստեղծուի մշտական ցուցադրութեան համար:

Ըստ նախնական ծրագրի, թանգարանը պիտի ունենայ քանի մը բաժին, ուր ներկայացուած պիտի ըլլան Սուրբ Քաղաքի հայկական ժառանգութիւնը, Սրբոց Յակոբեանց վանքը` իր բարերարներով եւ ուխտաւորներով, պիտի ըլլայ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ ատոր հետեւանքներուն, տպագրութեան վերաբերող նիւթեր եւ լուսանկարներ: Երուսաղէմի մէջ առաջին տպագիր գիրքը հայերէն է, եւ տպագրական մեքենան ալ կը պահուի հայոց պատրիարքարանին մէջ:

Ան կ՛ըսէ, որ արժէքաւոր ցուցանմուշները շատ են:

Բարեբախտաբար ատոնք լաւ պահպանուած են եւ վերականգնման կարիք չունին:

«Աշխարհի մէջ Թորոս Ռոսլինի եօթը մանրանկար կայ, որոնցմէ չորսը Երուսաղէմի մէջ է: Այստեղ կը պահուին 1064 թուի շքեղ Աւետարանը, կաթողիկոսական, պատրիարքական կոնդակները: Հայոց պատրիարքարանին մէջ կը պահուի Մոհամետ Մարգարէի ֆերմանը, նաեւ` Սալահէտտինը. Երուսաղէմը գրաւելէ ետք ան իր ստորագրութեամբ ֆերման մը գրեց, որ հայերուն ձեռք չտան:

«Եկեղեցւոյ` 14-րդ դարու շատ գեղեցիկ արձանագրութեամբ, փայտէ դուռը կայ: Աշխարհի մէջ այդպիսի չորս դուռ տեսած էի` երկուքը Էրմիթաժի, մէկը` Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին, միւսը` Թէոդոսիայի մէջ: Սա հինգերորդն է»

Արժէքաւոր ցուցանմուշներուն մէկ մասը պիտի ընդգրկուի մշտական ցուցադրութեան մէջ: Պիտի պատրաստուին կրկնօրինակներ այն ցուցանմուշներէն, որոնք պահպանման յատուկ պայմաններ կը պահանջեն: Տարուան ընթացքին որոշ օրեր այցելուները հնարաւորութիւն պիտի ունենան դիտելու բնօրինակները: Կը նախատեսուի պատրաստել նաեւ Հին Քաղաքէն դուրս գտնուող 7-րդ դարու հայկական արձանագրութեամբ խճանկարին կրկնօրինակը եւ տեղադրել թանգարանի մուտքին առջեւ:

Թանգարանի վերաբացման համար անհրաժեշտ է մօտ երկու միլիոն եւրօ: Քլոտ Մութաֆեան կ՛ըսէ, որ Նուրհան պատրիարքը խոստացած է հայթայթել պահանջուող գումարը: Գաղափարները շատ են, մինչեւ գործնական փուլին անցնիլը դարձեալ քննարկումներ պիտի ըլլան:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Հոկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Հալէպ. Վերամուտ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.