Հայաստանի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԱԽ) նախագահ Սերժ Սարգսեան 27 սեպտեմբերին հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն օրակարգով քննարկուած են փտածութեան դէմ պայքարի բնագաւառին մէջ հաստատութենական համակարգի բարեփոխումներու եւ հանրային ծառայութեան համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման եւ տեղեկատուական քաղաքականութեան հայեցակարգին վերաբերող հարցեր:
Առաջին հարցին մասին ԱԱԽ անդամներուն զեկուցած են փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը եւ արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանը: Նիստի մասնակիցներուն ներկայացուած են փտածութեան դէմ պայքարի առումով ցարդ կատարուած աշխատանքները:
Օրակարգի երկրորդ հարցին մասին զեկուցած են Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանը եւ փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեանը: Զեկուցողները ընդգծած են, որ Հայաստանի տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման եւ տեղեկատուական քաղաքականութեան հայեցակարգը, համաձայն ներկայացուած նախագիծին, պետական քաղաքականութեան կարեւոր բաղկացուցիչ է: Տեղեկատուական արհեստագիտութեան ներկայի ծանրակշիռ ազդեցութիւնը կառավարման բոլոր ոլորտներուն բնականոն ու արդիւնաւէտ գործառնութեան բերումով աւելի անհրաժեշտ կը դառնայ տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման հայեցակարգային եւ իրաւական փաստաթուղթերու մշակումն ու արդիականացումը:
ԱԱԾ-ի տնօրէնը նշած է, որ նախագիծը միջգերատեսչական աշխատանքային խումբին կողմէ պատրաստուած է աշխարհին մէջ առկայ արդի մարտահրաւէրներուն, զարգացումներուն համահունչ տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման նոր չափանիշներէն, ռազմավարական ուղղութիւններու մշակման ձեւէն եւ կիրարկման անհրաժեշտութենէն մեկնելով: Հայեցակարգի նախագիծին մէջ ներկայացուած են Հայաստանի տեղեկատուութեան անվտանգութեան ապահովման բնագաւառին մէջ առկայ վիճակը, հիմնարար արժէքները, սկզբունքները, շահերը, սպառնալիքները եւ մարտահրաւէրները, քաղաքականութեան նպատակները, խնդիրները, ներպետական եւ միջազգային համագործակցութեան հարցերը եւ այլն:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը` նկատի առնելով քննարկման հիման վրայ ներկայացուած առաջարկները, համաձայնութիւն տուած է հայեցակարգի նախագիծին:



