ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք անոր անունով Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վերաբերեալ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է.
«Ընդհանուր քարտուղարը կ՛ողջունէ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումը: Ան կ՛աջակցի լարուածութեան թուլացման եւ դիւանագիտական հոլովոյթի վերականգնման ուղղութեամբ համանախագահներու ջանքերուն:
«Ընդհանուր քարտուղարը յոյսով է, որ նախագահներու մակարդակով նախատեսուող հանդիպումը պիտի նպաստէ կողմերուն միջեւ վստահութեան մեծացման եւ անհրաժեշտ քաղաքական կամքի խթանման` խաղաղ փոխզիջումային լուծումներ գտնելու համար առանցքային առկախ հարցերուն վերաբերեալ»:



