Թեթեւագոյն քաշային կարգին մէջ արհեստավարժ հայ կռփամարտիկ Ազատ Յովհաննիսեան յաղթանակ մը եւս արձանագրեց իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ամերիկեան Քալիֆորնիա նահանգի Ինքըլվուտ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մենամարտին, Յովհաննիսեան 10 ռաունտնոց ճակատումին ընթացքին յաղթեց մեքսիքացի Սերխիօ Ֆրիասի եւ տիրացաւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Պի. Սի.»-«Քոնթինենթըլ Ամերիքաս Սուփըր Պանթամուէյթ»-ի տիտղոսին:
Այսպիսով, ան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին արձանագրեց իր 13-րդ յաղթանակը:
Յատկանշականը այն է, որ Ֆրիաս նախորդ տարի նաք-աութի ենթարկած էր Վիք Դարչինեանը:



