Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ երբ իրենք սկսին Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին դէմ նախատեսուած պատժամիջոցները կիրարկել` սովի պիտի մատնուի ամբողջ ժողովուրդը, եւ այդ պարագային քիւրտերուն պիտի չօգնէ նոյնիսկ Իսրայէլը: Այս մասին կը գրէ «Թի24» կայքը:
«Այդ ժամանակ անոնք նոյնիսկ ուտելու բան պիտի չգտնեն: Տեսնենք` Իսրայէլը ինչպէ՞ս, ի՞նչ ճամբով անոնց բան մը պիտի ուղարկէ», ըսած է Էրտողան:
Ըստ անոր, Թուրքիան ստիպուած դիմած է պատժամիջոցներուն: Բացի տնտեսական պատժամիջոցներէն, Էրտողանի համաձայն, օրակարգի վրայ է նաեւ զինուորական միջամտութիւնը, թէեւ վերջինի հարցին մէջ իրենք յոյս ունին, որ Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզը «խելքի պիտի գայ», եւ ուժի կիրարկման կարիք պիտի չըլլայ:
«Անկեղծ ըսած` մենք մինչեւ վերջին պահը յոյս ունէինք, որ Պարզանի պիտի հրաժարի այդպիսի սխալ գործելէ: Ի յայտ եկաւ, որ սխալած ենք: Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու ամէնէն փայլուն շրջանին մէջ առանց խորհրդակցելու եւ մեզի հետ քննարկելու այդպիսի որոշում տալը մեր երկրին դէմ դաւաճանութիւն կ՛որակեմ», յայտարարած է Էրտողան:
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, թէ Էրտողան յայտնած է, որ «Իրաքի քիւրտերը անօթութենէ պիտի տառապին, երբ բեռնատարներուն արգիլուի հիւսիսային Իրաք երթալ»` աւելցնելով. «Երբ Թուրքիան Քիւրտիստանի քարիւղը մղելէ դադրի` հարցը վերջ պիտի գտնէ»:
Ըստ անոր, Իրաքի քիւրտերը պետութիւն հիմնել չեն գիտեր` նշելով. «Քիւրտիստանի մարզի Իրաքէն անջատման հանրաքուէին օրինակութիւնը երբեք պիտի չճանչնանք»:



