Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի երրորդ ճակատումը եւս աւարտեցաւ հաւասարութեամբ` Հայաստանի ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի (2802) եւ Չինաստանի զօրաւորագոյն կրանտմասթըր Տին Լիրենի (2771) միջեւ: 31-րդ շարժումին անոնք համաձայն գտնուեցան ոչ ոքի արդիւնքին: Արոնեան կը մրցէր ճերմակ քարերով:
Այսօր անոնց միջեւ տեղի կ՛ունենայ դասական չորրորդ մրցումը: Այլ հաւասարութեան մը պարագային, վաղը` չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ թայ-պրէյքի մրցումը:
Աւարտականին հասնելով` երկու կրանտմասթըրներն ալ ապահոված են մարտ 2018-ին Պերլինի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան մասնակցելու իրաւունքը:
Յայտնենք, որ 2005-ին Արոնեան հանդիսացած էր աշխարհի բաժակակիր:



