Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութեան (ՊԱԿ) գործադիր կոմիտէն որոշեց իսրայէլեան բնակեցման հարցի թղթածրարը ներկայացնել Լա Հէյի Միջազգային քրէական դատարանին` անոր կցելով դատական հրատապ հետաքննութիւն սկսելու դիմում մը` նկատի ունենալով, որ բնակեցումը «պատերազմական ոճիր» է եւ «ցեղային մաքրագործում»:
ՊԱԿ-ի գործադիր կոմիտէն Ռամալլայի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի գլխաւորութեամբ ժողովի մը ընթացքին միջազգային օրէնքը անտեսել շարունակելէ զգուշացուց իսրայէլեան կառավարութիւնը եւ քննադատեց միջազգային ընտանիքին կողմէ միջազգային օրէնքի եւ ՄԱԿ-ի որոշումներուն նկատմամբ «երկակի չափանիշերուն» կիրարկումը, երբ հարցը կը վերաբերի Իսրայէլին:
ՊԱԿ-ի գործադիր կոմիտէն ՄԱԿ-ին կոչ ուղղեց` տէր կանգնելու պաղեստինցի ժողովուրդին միջազգային պաշտպանութիւն ապահովելու իր պարտաւորութեան:



