Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 15 եւ 17 տարեկաններու ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչներէն երկուքը տիրացան մետալներու:
15 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Արա Պօղոսեան (50 քկ) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Նոյն կշիռքի դասակարգին մէջ, սակայն 17 տարեկանէն վար մրցումներուն, Մոնթէ Մխիթարեան տիրացաւ արծաթ մետալին:



