Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան Ընդունած Է Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Նախարար Աւետիս Կիտանեանը

September 21, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան 20 սեպտեմբերին ընդունած է Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանը:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է բարեկամ Լիբանանի հետ համագործակցութեան զարգացումը ո՛չ միայն զբօսաշրջութեան, այլ նաեւ տնտեսութեան տարբեր բնագաւառներուն մէջ: Փոխշահաւէտ գործակցութեան համար վարչապետը հեռանկարային նկատած է մասնաւորապէս թեթեւ արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ ոսկերչութեան բնագաւառները:

Կարէն Կարապետեան անդրադարձած է նաեւ յաջորդ տարուան աշնան նախատեսուելիք տնտեսական եւ ներդրումային մեծ համաժողովին` կարեւոր նկատելով լիբանանցի գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է առարկայական կերպով քննարկելու տարբեր ներդրումային ծրագիրներ` զանոնք յաջողութեամբ կեանքի կոչելու համար:

Աւետիս Կիտանեան  իր կարգին գոհունակութեամբ նշած է, որ լիբանանցի զբօսաշրջիկներուն կողմէ բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կայ Հայաստանի նկատմամբ, եւ իրենց նպատակն է յառաջիկային կրկնապատկել զբօսաշրջային այցելութիւններուն թիւը: Նախարարը ընդգծած է, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան հետ պայմանաւորուած են ի գործ դնել շարք մը թիրախային նախաձեռնութիւններ, որոնք նոր թափ պիտի հաղորդեն զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ փոխադարձ գործակցութեան: Նախարարը յառաջիկայ տարի նախատեսուած համաժողովը նկատած է Հայաստանի ներդրումային կարելիութիւնները տեղւոյն վրայ ծանօթացնելու լաւ առիթ եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է լիբանանեան կողմին մանրամասն ներկայացնելու Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնութիւնները:

Նախորդը

Հայաստան-Սփիւռք Համահայկական 6-րդ Համաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

Յաջորդը

«Դաշնակցութիւնը Կ՛ողջունէ Նախագահին` ՄԱԿ-ի Մէջ Կատարած Յայտարարութիւնը» Հաստատեց Կիրօ Մանոյեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.