Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, 22 սեպտեմբերէն 8 հոկտեմբեր երկարող ժամանակամիջոցին, ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք) տեղի կ՛ունենան թենիսի միջազգային երկու մրցաշարքեր («Այ. Թի. Էֆ.»)` հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, ինչպէս նաեւ միջազգային թենիսի ֆետերասիոնին:
Կազմակերպիչ ակումբը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.» այս առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ հաղորդելու եւ մրցաշարքերուն գծով օրէնքները բացատրելու նպատակով, այսօր` չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը իր կեդրոնատեղիին մէջ:


