Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի առաջին դասական մրցումին, հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան (2802) ճերմակ քարերով մրցեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւի (2804) դէմ:
32-րդ շարժումին երկու կրանտմասթըրները համաձայն գտնուեցան հաւասարութեան:
Այսօր` չորեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին, տեղի կ՛ունենայ երկրորդ մրցումը: Հաւասարութեան պարագային տեղի պիտի ունենայ թայ-պրէյքի մրցումը, վաղը` հինգշաբթի:
Նշենք, որ երէկ հաւասարութեամբ աւարտեցաւ նաեւ Ուեսլի Սօ (Միացեալ Նահանգներ, 2792) – Տին Լիրեն (Չինաստան, 2771) մրցումը:


