Պարսելոնայի յառաջապահ Ուսման Տեմփելէ, որ Ֆինլանտայի մէջ վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի, մինչեւ յունուար 2018 պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց քաթալոնական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան վիրաւորուեցաւ նախորդ շաբաթավերջին, Կեթաֆէի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 4-րդ հանգրուանի մրցումին ընթացքին:
20 տարեկան Տեմփելէն իր կազմին միացնելու համար, Պարսելոնա անոր ակումբին Պորուսիա Տորթմունտին վճարեց 105 միլոն եւրօ:


