Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տէյվիտ Վալատաօ Եւ Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւն Մը Այցելեցին Արցախ Եւ Հայաստան

September 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան անդամ, Քոնկրեսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Տէյվիտ Վալատաօ (հանրապետական-Քալիֆորնիա) այցելեց Արցախի Հանրապետութիւն, ուր կառավարական պաշտօնատարներու եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանի կողքին քննեց «Հելօ Թրասթ»-ի ականազերծման աշխատանքները, որոնց ֆինանսաւորման համար վերջերս Ներկայացուցիչներու տան կողմէ որդեգրուած որոշումին հեղինակն է ան: Նշենք, որ Վալատաօ Ներկայացուցիչներու տան յատկացումներու յանձնախումբի անդամ է:

Ամերիկացի քոնկրեսականը 18 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի հետ: Ան շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` նշեց, որ իր առաջին այցելութեան ընթացքին ցանկութիւն ունի աւելի մօտէն ծանօթանալու Արցախին եւ կարելի եղածին չափ խոր կերպով հասկնալու տեղւոյն առանձնայատկութիւնները:

Հիւրին խնդրանքով Արցախի խորհրդարանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ տագնապի գօտիին մէջ Ազրպէյճանի կողմէ իրավիճակը ապակայունացնելու փորձերուն, զանոնք կանխարգիլելու գործին մէջ միջազգային կազմակերպութիւններու դերին եւ բանակցային հոլովոյթի ներկայ փուլին:

Նախագահ Սահակեան Ամերիկացի Քոնկրեսականներուն Հետ Քննարկեց
Արցախի Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքականութիւնը

Երէկ` 19 սեպտեմբերին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ ամերիկացի քոնկրեսականներու հետ: Արցախի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան տեղեկացուց, որ հանդիպման շրջագիծին մէջ քննարկուած են շրջանին մէջ տիրող իրավիճակի, Արցախի զարգացման, ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, արցախեան-ազրպէյճանական տագնապին առնչուող շարք մը հարցեր:

«Արցախի Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի թէ՛ Հայաստան – Սփիւռք համաժողովի, թէ՛ երկրի անկախութեան 26-րդ տարեդարձի շրջագիծին մէջ: Ասիկա շատ կարեւոր հանդիպում էր քանի մը տեսանկիւններէ. նախ եւ առաջ, մենք հանդիպում կ՛ունենանք Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ներկայացնող մարդոց հետ, որոնք մեծ աշխատանք կը կատարեն հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու, Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկութիւններ տարածելու հարցին մէջ, ունին մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ հաւատարմութիւն», ըսաւ Բաբայեան:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց նման հանդիպումները եւ նշեց, որ Արցախի մէջ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնեն Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւններու զարգացման` բարձր գնահատելով քոնկրեսականներուն կողմէ իրականացուող աշխատանքը` ուղղուած երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ խորացման:

Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար նախագահ Սահակեան «Երախտագիտութիւն» մետալով պարգեւատրեց քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոնը, Աննա Էշուն եւ Ճեքի Սփիըրը:

Արա Բաբլոյեան Եւ Կարէն Կարապետեան Ընդունեցին
Ներկայացուցիչներու Տան Պատուիրակութիւնը

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան երէկ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան պատուիրակութեան անդամները: Հանդիպումին մասնակցեցան Ազգային ժողովի նախագահի տեղակալ, Ազգային ժողովի Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ բարեկամական խումբի ղեկավար Արփինէ Յովհաննիսեան, Հանրապետական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Պաղտասարեան, «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, «Ծառուկեան» խմբակցութեան քարտուղար Վահէ Էնֆիաճեան եւ խմբակցութեան անդամ Վարդեւան Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան:

Ողջունելով հիւրերը` Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու յաւելեալ ամրապնդումն ու խորացումը` փաստելով, որ Ամերիկան Հայաստանի բարեկամ երկիրն ու կարեւոր գործընկերներէն է:

Անդրադառնալով շրջանային խնդիրներուն` Բաբլոյեան շեշտեց Միացեալ Նահանգներու` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկրի դերակատարութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման գործին մէջ: Խորհրդարանի ղեկավարը կարեւոր նկատեց Արցախի Հանրապետութիւն այցելութիւններն ու խնդիրներուն տեղւոյն վրայ ծանօթանալը:

Ազգային ժողովի նախագահը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացուած սահմանադրական բարեփոխումներուն` նշելով, որ Հայաստան անցած է խորհրդարանական կառավարման համակարգի:

Քոնկրեսականները իրենց կարգին կարեւոր նկատեցին փոխադարձ այցելութիւններն ու աշխուժ համագործակցութիւնը: Հիւրերը ընդգծեցին երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան առաւել ընդլայնումն ու զարգացումը քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ այլ բնագաւառներուն մէջ: Ամերիկացի քոնկրեսականները Ամերիկայի հասարակական, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքին մէջ մեծապէս կարեւոր նկատեցին հայ համայնքին ներդրումը:

Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին` անոնք վստահեցուցին, որ իրենց երկիրը հարցին խաղաղ` բանակցութիւններու ճամբով լուծման կողմնակից է. խնդիրին լուծումով պիտի բացուին սահմանները, ինչ որ պիտի նպաստէ առեւտրական յարաբերութիւններու զարգացման:

Հանդիպումին քննարկուած հարցերուն վերաբերեալ իրենց տեսակէտները յայտնած են Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները:

Ամերիկեան պատուիրակութեան անդամ են Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Տէյվիտ Վալատաօ, Ճեքի Սփայըր եւ Ֆրանք Փալոն, քոնկրեսականներ Աննա Էշու, Թալսի Կապարտ եւ Ճէյմս Սենսենպրենըր:

Ամերիկացի քոնկրեսականներու պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի հետ: Ըստ Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան, վարչապետը բարձր գնահատեց ամերիկացի քոնկրեսականներու գործունէութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման ու ամրապնդման աշխատանքին մէջ եւ շնորհակալութիւն Քոնկրեսին, յատկապէս Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբին` Հայաստանին եւ Արցախին արտաքին յատկացումներու տրամադրման համար:

Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին: Վարչապետ Կարապետեան ընդգծեց, որ Հայաստան խնդիրին լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ լուծման մէջ: «Մենք մեր ռազմավարութիւնը կը կառուցենք այնպէս, որ պարտաւոր ենք ըլլալու ուժեղ, որպէսզի մեր անվտանգութիւնը ապահովենք: Կը կարծեմ, որ մեր շրջանին մէջ կատարուող իրադարձութիւնները շատ պարզ եւ թափանցիկ են, եւ մեզի օգտակար պիտի ըլլայ, եթէ միջազգային հանրութիւնը, տեսնելով այդ ամէնը, իր յստակ վերաբերումը արտայայտէ», նշեց վարչապետ Կարապետեան:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանը Երէկ Վաւերացուց Շարք Մը Օրէնքներ, Որոնցմէ Են Նաւթի Մարզին Եւ Քաղաքացիական Պաշտպանութեան Ուժերուն Վերաբերողները

Յաջորդը

23 Սեպտեմբերին` Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպում

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.