Նախորդ շաբաթավերջին, «Պունտըսլիկա»-ի 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Շթութկարթի խմբապետ Քրիսթիան Կենթնըր, բախում մը ունենալով Վոլֆսպուրկի բերդապահ Քրեն Քասթելսի հետ, ստացաւ ուղեղի ցնցում եւ դէմքի ոսկորներու կոտրուածք:
Բերդապահը իր ծունկով մրցումին ընթացքին ուժգին հարուած մը հասցուց անոր դէմքին:
Անոր ակումբին պատասխանատուները յայտնեցին, որ Կենթնըրը փոխադրելէ ետք հիւանդանոց, հոն կատարեցին յատուկ քննութիւններ, որպէսզի աւելի ուշ ան վիրաբուժութեան ենթարկուի:
Անոր առողջական վիճակը բաւական լաւ է եւ մտահոգիչ ոչինչ կայ:


