Նորվեկիոյ Պերկեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հեծելարշաւի ճամբու աշխարհի ախոյեանութեան առաջին օրը ժամացոյցի դէմ մրցումին տիրապետեց գերմանական «Սանուեպ» խումբը` նկատի ունենալով, որ անոր տղոց եւ աղջկանց խումբերը գրաւեցին դասաւորման առաջին դիրքը:
Անոր տղոց խումբը, որ արձանագրեց 47′ 50″ արդիւնք մը, իր ետին ձգեց ամերիկեան «Պի. Էմ. Սի. Ռէյսինկ» խումբը (8″ ուշ) եւ անգլիական «Թիմ Սքայ»-ը (22″ ուշ):
Վերջինիս մաս կը կազմէ «Թուր տը Ֆրանս»-ի եւ «Վուելթա»-ի ախոյեանը` Քրիս Ֆրում:


