Լիբանանի ֆութսալի ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցող 2017-ի ասիական 5-րդ խաղերուն, այսօր` երկուշաբթի, 18 սեպտեմբերին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 11:15-ին Ճափոնի դէմ կը կատարէ իր առաջին մրցումը:
Այս խաղերը կ՛աւարտին 27 սեպտեմբերին:
Լիբանանի իրանցի մարզիչ Շեհապէտտին Սովալմանիչ յայտնեց, որ անհրաժեշտ բոլոր փորձերը կատարուեցան` այս խաղերուն լաւ արդիւնքներու հասնելու համար:


