Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի (Էլ. Էյ. Եու.) պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ռուսիա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար «Մոսկուայի 2017»-ի խաղերուն, որոնք կը սկսին վաղը` երեքշաբթի, 19 սեպտեմբերին:
Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի պատուիրակութիւնը կը բաղկանայ 51 անձերէ:
Համալսարանը կը մասնակցի տղոց ու աղջկանց վոլիպոլի եւ աղջկանց պասքեթպոլի մրցումներուն, ինչպէս նաեւ քաջալերող պարի խումբի (Չիր Լիտինկ):
Պատուիրակութեան նախագահն է համալսարանի մարզական բաժանմունքի տնօրէն Ճօ Մուժահես:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանեան-ամերիկեան համալսարանի կազմերը Մոսկուայի մէջ պիտի ձգտին լաւագոյնին:


