Ռումանիոյ մէջ աւարտած ճատրակի տարբեր տարիքային խումբերու Եւրոպայի պատանեկան ախոյեանութիւններուն, Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջէն գերազանց արդիւնք արձանագրեց Սոնա Ասատրեան, որ մասնակցեցաւ աղջկանց 18 տարեկանէն վար ախոյեանութեան:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 7 կէտ ապահովելով` Սոնա Ասատրեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան:
16 տարեկանէն վար աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Աննա Մ. Սարգսեան 7 կէտով բաժնեց 2-4 դիրքերը: Լրացուցիչ ցուցանիշով ան ճանչցուեցաւ չորրորդ:


