Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրտական Մարզի Անկախութիւնը Կը Նշանակէ Անոր Հետ Կնքուած Բոլոր Ապահովական Ու Զինուորական Համաձայնութեանց Աւարտը» Կ՛ըսէ Շամխանի

September 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի յայտնեց, որ Թեհրան միայն իրաքեան մէկ կառավարութիւն եւ միացեալ Իրաք կը ճանչնայ:

Շամխանի ըսաւ, որ իր երկիրը` իբրեւ «Իրաքի մէջ քիւրտ եղբայրներուն բարեկամ ու դաշնակից, ամէնէն դժուար պահերուն անոնց կողքին կանգնած երկիր, կը կարծէ, որ Քիւրտիստանի մարզի անջատումը չի բխիր մարզին շահերէն»:

Հանրաքուէի կայացման «Իրաքի դրացիներուն ընդդիմութիւնը հանրաքուէին յաջորդող փուլին մարզին համար բարդ ու դժուար կացութիւններ պիտի ստեղծէ», նշեց ան:

Շամխանի յայտնեց, որ քրտական մարզի Իրաքէն անջատումը «կը նշանակէ Իրանի հետ ապահովական ու զինուորական բոլոր համաձայնութիւններուն աւարտը, ինչպէս նաեւ մարզին հետ սահմանային բոլոր անցքերուն փակումը»` ընդգծելով, որ նշեալ մարզի անջատումը Թեհրանը պիտի մղէ լրջօրէն վերատեսութեան ենթարկելու «իր դէմ ծաւալող գործունէութեանց դիմակայման միջոցները, իր սահմանի անվտանգութեան ապահովումը յեղափոխութեան դէմ եղող տարրերէ, որոնք մարզը վերածած են իրենց կեդրոնատեղիին»:

Շամխանի յայտնեց, որ Թեհրան հանրաքուէին հարցով շարք մը քաղաքական ու դիւանագիտական քայլերու դիմած է` աւելցնելով, որ քիւրտ ղեկավարները տակաւին առիթ ունին վերատեսութեան ենթարկելու աճապարանօք տուած իրենց որոշումները:

Իրանցի պաշտօնատարը յայտնեց, որ հանրաքուէն օրինական որեւէ նշանակութիւն չունի եւ ժխտական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանային, Իրաքի եւ մասնաւորաբար քրտական մարզի անվտանգութեան վրայ:

Յիշեցնենք, որ Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի սպառնացած էր զինուորական միջամտութիւն կատարել, եթէ հանրաքուէն պատճառ դառնայ բռնարարքի:

 

Նախորդը

«Քրիստոնեաները Հիւրեր Չեն, Առանց Անոնց Բազմազանութեամբ Օժտուած Սուրիա Գոյութիւն Չունի» Ըսաւ Ասատ

Յաջորդը

Թուրքիա Եւ Ժապհաթ Նուսրա Իրենց Ուժերը Կը Կուտակեն Սուրիա-Թուրքիա Սահմանին Վրայ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.