Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանի Մը Շաբթուան Ընթացքին Երկրորդ Անգամ Ըլլալով. Հիւսիսային Քորէայի Արձակած Թեւաւոր Հրթիռ Մը Թռիչք Կատարեց Ճափոնի Վերեւ

September 16, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անցնող քանի մը շաբթուան ընթացքին երկրորդ անգամ ըլլալով` Հիւսիսային Քորէան երէկ արձակեց թեւաւոր հրթիռ մը, որ Ճափոնի վերեւ թռիչք կատարելէ ետք ինկաւ Խաղաղական ովկիանոսին մէջ:

Հարաւային Քորէայի բանակը յայտնեց, որ հրթիռի թռիչքին բարձրութիւնը եղած է շուրջ 770 քիլոմեթր: Անիկա 3700 քիլոմեթր թռիչք կատարած է, նախքան Հոքքայտոյի ետին գտնուող ջուրերուն մէջ իյնալը:

«Պի.Պի.Սի.» կը գրէ, որ ըստ նախնական գնահատականներուն, այս հրթիռը 29 օգոստոսին արձակուած հրթիռէն շատ աւելի բարձր ու հեռու թռիչք կատարած է: Փիոնկիանկ օրին նշած էր, որ նախորդ հրթիռը Խաղաղական ովկիանոսի շրջանին մէջ իր զինուորական գործողութիւններուն առաջին քայլն է:

Փորձագէտներ յայտնեցին, որ փորձարկուած հրթիռը միջին հասողութեամբ թեւաւոր հրթիռ մըն է, թէեւ ճափոնցի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ անիկա հաւանաբար միջցամաքամասային թեւաւոր հրթիռ մըն է:

Ճափոնի վարչապետ Շինզօ Ապէ յայտնեց, որ իր երկիրը «երբեք պիտի չհանդուրժէ» այսպիսի «վտանգաւոր գրգռիչ արարք» մը: «Եթէ Հիւսիսային Քորէան շարունակէ այս ուղիով ընթանալ, անիկա փայլուն ապագայ չունի», ըսաւ ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն իր կարգին դատապարտեց ՄԱԿ-ի պատժամիջոցները խախտող հրթիռարձակումը, որուն պատասխանատուները նկատեց Փիոնկիանկի գլխաւոր տնտեսական գործընկերներ Չինաստանն ու Ռուսիան:

«Չինաստան Հիւսիսային Քորէային կը տրամադրէ անոր կարիք ունեցած քարիւղին մեծամասնութիւնը: Ռուսիան այդ երկրի աշխատաւորներու մեծագոյն շուկան է: Չինաստանն ու Ռուսիան` սեփական քայլերու դիմելով պէտք է այս անպատասխանատու հրթիռարձակումներուն նկատմամբ իրենց անհանդուրժողութիւնը ցոյց տան»:

Հրթիռարձակումէն քանի մը վայրկեան ետք Հարաւային Քորէան Հիւսիսային Քորէայի դէմ կեղծ յարձակումով մը երկու թեւաւոր հրթիռներ արձակեց դէպի ծով:

Ամերիկեան բանակի խաղաղովկիանոսեան հրամանատարութեան բանբեր Տէյվ Պենըմ յայտարարեց, որ Հիւսիսային Քորէայի արձակած հրթիռը որեւէ վտանգ չէ ներկայացուցած Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Խաղաղական ովկիանոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու մեծագոյն ռազմակայանի վայր Կուամ կղզիին համար:

 

 

Նախորդը

«Եթէ Մարզի Ժողովուրդը Բաւարարող Այլընտրանք Մը Չգտնուի, Հանրաքուէն Պիտի Չյետաձգուի» Կ՛ըսէ Պարզանի

Յաջորդը

Ռուսիա, Թուրքիա Եւ Իրան Համաձայնութիւն Գոյացուցին Իտլիպի Մէջ Լարուածութեան Մեղմացման Գօտիի Սահմաններուն Շուրջ

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.