18 յուլիս 2017-ին Երեւանի Հանրապետական դաշտին վրայ կը դիտէի Ալաշկերտ – Պաթէ Պորիսով «Չեմփիընզ լիկ»-ի դարձի մրցումը եւ կը յուսայի, որ առաջին անգամ ըլլալով հայկական խումբ մը անցնէր յաջորդ հանգրուան:
Դժբախտաբար մեր բոլորին յոյսերը ի դերեւ ելան, եւ Հայաստանը դուրս մնաց ֆութպոլի աշխարհին մէջ պատմութիւն կերտելու առիթէն:
Միւս կողմէ, 23 օգոստոս 2017-ին ազրպէյճանական Ֆ. Ք. Ղարաբաղ խումբը (անարդարօրէն այս անունը կրող) կը յաղթէր Քոփենհակընին եւ իր երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը հասնէր «Չեմփիընզ լիկ»-ի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք խաղերուն:
Այսպիսով, ֆութպոլի ամէնէն կարեւոր մրցաշարքերէն նկատուող «Չեմփիընզ լիկ»-ի մէջ կ՛արձանագրուէր ազրպէյճանական խումբի մը անունը:
Աղտամի մէջ կազմուած Ֆ. Ք. Ղարաբաղը 1993-էն առաջ կը կրէր Մեհսիւլ անունը: Հետագային խումբը հովանաւորողները, որոնք ծագումով թուրքեր էին, զայն կը տեղափոխէին Պաքու եւ կը վերանուանէին Ֆ. Ք. Ղարաբաղ` ըստ երեւոյթին հետապնդելով յստակ քաղաքական նպատակ` «Ղարաբաղ» անունը կցել ազրպէյճանական խումբին, այսպիսով «փաստելու» համար, թէ Ղարաբաղը ազրպէյճանական հող է ոչ հայկական:
«Չեմփիընզ լիկ»-ի հետեւող միլիոնաւոր ֆութպոլասէրներ այսպիսով զոհ կ՛երթային ազրպէյճանական հակաքարոզչութեան եւ անարդարօրէն կը հաւատային, թէ Ֆ. Ք. Ղարաբաղը կը ներկայացնէ «ազրպէյճանական հող» նկատուող Արցախը:
Այս երեւոյթին դիմաց, կ՛ակնկալուի հայկական բոլոր կողմերէն, Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, տանիլ անհրաժեշտ քարոզչութիւնը` ցոյց տալու այս խումբին անուանումին անիրաւութիւնը եւ ապացուցելու, թէ Արցախը հայկական հող է, կը պատկանի հայերուն եւ Ֆ. Ք. Ղարաբաղ անունը երբեք չի կրնար ներկայացնել ազրպէյճանական խումբ մը: Քարոզչութիւնը պէտք է տարուի բոլոր մակարդակներուն վրայ` մամուլով, ընկերային ցանցերու վրայ, մարզական կայքերու վրայ ինչու չէ նաեւ, ըստ կարելիութեան, դաշտին վրայ: Աւելի՛ն. բոլորս պէտք է ճիգ չխնայենք, որ հայկական ակումբներ իրենց հայկական անուններով հասնին մրցաշարքերու պատուաբեր դիրքերուն, որպէսզի հայ մարզասէրին, հայ մարդուն կարենանք տալ առիթը` հպարտանալու իր երկրին Եռագոյնով ծածանող դաշտին մէջ: Այս ձեւով է միայն, որ ֆութպոլի մեծ աշխարհը կրնայ ճանչնալ հայկական ֆութպոլն ու Հայաստանը: Այս ձեւով է նաեւ, որ կարելի կ՛ըլլայ դէմ դնել Ազրպէյճանի հակաքարոզչութեան եւ անընդունելի մօտեցումին` Ղարաբաղ-Արցախը ներկայացնելու իբրեւ ազրպէյճանական հող` նոյնիսկ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ:



