Հսկողութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա»-ի եւ գործակցութեամբ «Այ. Էս. Էմ. Ճի.»-ի, «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ (Զուք), նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Քարթինկ Ռէյս Էնտիւրընս»-ի առաջին մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին ընկերութիւններու եւ դրամատուներու խումբերը:
Այդ տասը խումբերը (իւրաքանչիւրը` 4 անդամ), ճիշդ 2 ժամ պիտի վարէին իրենց ինքնաշարժները վազքուղիին վրայ: Մրցումին ընթացքին վարորդները փոխն ի փոխ կը հանգչէին:
Առաջին դիրքը գրաւեց «Օթոսփորթ.Մի» խումբը, որուն վարորդները ստացան օդանաւի չորս տոմսակ, ինչպէս նաեւ «Ֆորմիւլա-1»-ի չորս տոմսակ, նոյեմբերին Ապու Տապիի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մէջ ներկայ գտնուելու համար «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութեան կրան փրիին:
«Էմ. Էնտ Էմ.» գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ երրորդ դիրքը գրաւեց «Մեճիք Փլանեթ»:
Յիշատակելի եղաւ այս մրցումէն առաջ տեղի ունեցած քարթինկի ցուցադրական մրցումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին սկիզբը` Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցող աղջկանց ախոյեանութեան մասնակցող տասը մարզիկներ, ապա` տղաքը:
Առաջին դիրքը գրաւեց Նետիմ Սուէյտ, ապա` Թոնի Սըրհան, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Միկել Մարթինեզ:
Աղջկանց պարագային, առաջին հանդիսացաւ Ճենիֆըր Ամուրի, երկրորդ` Քարեն Շամմաս, իսկ երրորդ` Լէյլա Ֆարես:
Աւարտին մրցանակաբաշխութիւնը կատարեցին, ռելիներու ախոյեան, քաթարցի Նասեր Աթիէ, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուները եւ «Սփորթց Մանիա»-ի տնօրէն Թարեք Ապպուտ:


