Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` մրցաշարքէն դուրս ձգելով ռուս Տանիիլ Տուպովը (2666):
Արոնեան (2802) երկու դասական մրցումներուն 1,5-0,5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Առաջին մրցումին Արոնեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց, իսկ երկրորդին ճերմակ քարերով յաղթանակ մը` 97-րդ շարժումին:
Կիսաւարտականին հասնելու համար Արոնեան պէտք է շրջանցէ ուքրանացի Վասիլի Իվանչուքի (2727) արգելքը: Վերջինս երէկ յաղթեց հոլանտացի Անիշ Կիրիին (2777):
Քառորդ աւարտականի մրցումները կը սկսին վաղը` ուրբաթ:
Աւարտականի ճակատումին մասնակցողները իրաւունք կը ստանան մարտ 2018-ին Պերլինի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան համար վճռուող մրցաշարքին մասնակցելու:


