Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնած Է Մեհման Ալիեւի Ձերբակալութեան Նկատմամբ

September 14, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵԱՀԿ-ի նիստի ընթացքին` անդրադառնալով Ազրպէյճանի մէջ «Թուրան» անկախ լրատու գործակալութեան տնօրէն Մեհման Ալիեւի ձերբակալութեան` Եւրոպական Միութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնած է եւ քննադատած Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն արարքը:

Եւրոպական Միութիւնը իր յայտարարութեան մէջ նշած է, որ կը միանայ ԵԱՀԿ-ի լրատուամիջոցներու ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչի եւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի յայտարարութիւններուն` Ազրպէյճանին կոչ ուղղելով կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորաբար Մարդու իրաւունքներու եւրոպական ուխտի 10-րդ յօդուածը, որ կը պաշտպանէ խօսքի եւ տեղեկատուութեան ազատութեան իրաւունքը:

«Մենք Ազրպէյճանի կառավարութենէն խստօրէն կը պահանջենք հետեւիլ օրէնքի գերակայութեան վերաբերեալ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ ապահովել Մեհման Ալիեւի արդար դատաքննութեան իրաւունքը: Այս պարտաւորութիւններուն նկատմամբ յարգանքը ժողովրդավարական հասարակութեան հիմքն է», նշուած է Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ:

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը ԵԱՀԿ-ի մէջ կատարած յայտարարութեամբ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն պահանջած է նաեւ ազատ արձակել Մեհման Ալիեւը:

«Մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք սերտօրէն համագործակցիլ միջազգային կառոյցներուն հետ, որոնք կը պահանջեն անյապաղ ազատ արձակել Մեհման Ալիեւը եւ երաշխաւորել, որ Մեհման Ալիեւի հիմնարար ազատութիւնները ապագային չեն խախտիր», ըսած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչը:

Եւրոպական Միութիւնը մայիսին մտահոգութիւն յայտնած էր Ազրպէյճանի մէջ խօսքի ազատութեան սահմանափակման, ինչպէս նաեւ այդ երկրի իշխանութիւններուն կողմէ լրագրողները եւ իրաւապաշտպաններուն քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալելու գործելաոճին վերաբերեալ:

Եւրոպական Միութեան յայտարարութիւնը հրապարակուած էր այն բանէն ետք, երբ 12 մայիս 2017-ին Ազրպէյճանի մէջ արգիլուած էին շարք մը համացանցային լրատուամիջոցներու եւ պատկերասփիւռի կայաններու կայքեր:

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Պատմական Քայլով Մը. Բրիտանիան Կատարեց Եւրոպական Միութեան Օրէնքներու Ջնջման Առաջին Քայլը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.