Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան արդէն ռուսական կողմին յանձնած է Ռուսիայէն «Էս-400» հակաօդային համակարգերու գնումին համար անհրաժեշտ կանխավճարը:
Էրտողան հաստատած է, որ կողմերը արդէն ստորագրած են «Էս-400»-ի մատակարարման շուրջ համաձայնութիւնը, ինչպէս նաեւ յայտնած է, թէ Թուրքիան մնացեալ գումարը պիտի վճարէ Ռուսիոյ կողմէ իրենց տրամադրուելիք վարկին միջոցով:
«Ես եւ պարոն Փութինը շատ վճռական տրամադրուած ենք այդ հարցին մէջ», ընդգծած է Թուրքիոյ ղեկավարը:
Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսէյն Տիրիոզ նախապէս յայտարարած էր, որ ՕԹԱՆ-ին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը չի խոչընդոտեր երկրին կատարուելիք ռուսական «Էս-400» համակարգերու մատակարարումներուն:
Թուրքիոյ նախագահը իր կարգին շեշտած էր, որ Թուրքիան որեւէ մէկուն հաշուետու չէ իր անվտանգութիւնը ապահովելու համար կատարած քայլերուն շուրջ եւ «իր անկախութիւնը պահելու հետ կապուած որոշումները կու տայ ինքնուրոյն»:
Էրտողան չէ մոռցած կոչեր յղել նաեւ Արեւմուտքին` պնդելով, որ Թուրքիոյ հետ բարեկամ նկատուող դաշնակից երկիրները ժամանակին մերժած են Թուրքիոյ անօդաչու թռչող սարքեր վաճառել, մինչդեռ, ըստ Էրտողանի, զինած են ահաբեկիչները:
Ռուսիոյ ռազմական համագործակցութեան հարցերով դաշնակցային խորհուրդը լուրը հաստատելով նշեց. «Տուեալ համակարգի Թուրքիոյ մատակարարումը կը համապատասխանէ Ռուսիոյ աշխարհաքաղաքական շահերուն»:


