Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Գիւմրի Շիրակ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Փիւնիկ Երեւանի, 15 կէտով ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 7 կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Ալաշկերտի վրայ, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Գանձասար-Կապանի վրայ:
Երրորդ մրցումին Արարատ իր դաշտին վրայ պարտուեցաւ Բանանցէն` 2-1 արդիւնքով:
3-րդ դիրքը կը գրաւէ Բանանց` 7 կէտով, մինչ Փիւնիկ ունի 6 կէտ


