Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան հասաւ Մոսկուա:
Պաշտօնական այցելութեամբ մը Ռուսիա մեկնած Հարիրի այսօր հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի, իր ռուս պաշտօնակիցին` Տմիթրի Մետվետեւի եւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հարիրիի ընկերակցեցան նախարարներ Ղասսան Հասպանի, Նուհատ Մաշնուք, Ալի Հասան Խալիլ, Ղաթթաս Խուրի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ռաէտ Խուրի, Մըլհեմ Ռիաշի եւ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրի:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրին վարչապետ Հարիրի այցելեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտնեց, որ 2014-ին քաղաքական հսկայ տարակարծութիւն կար երկրին մէջ` աւելցնելով, որ օրին վարչապետ Սալամ տուաւ այնպիսի որոշումներ, որոնք պաշտպանեցին Լիբանանը: Ան նշեց, որ բանակայիններու առեւանգումին մասին հետաքննութեան վերաբերող աւելորդաբանութիւններ կը կատարուին` շեշտելով, որ բոլորը կը փափաքին իմանալ ճշմարտութիւնը:
«Կը մերժենք բանակայիններու առեւանգումին մասին բացուելիք հետաքննութեան քաղաքականացումը», ըսաւ ան:
Հարիրի ընդգծեց, որ բոլորը կը մերժեն ՏԱՀԵՇ-ը` աւելցնելով, որ ինք հետաքրքրուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պահանջած հետաքննութեամբ, որուն նպատակն է իմանալ, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ բանակայինները սպաննուեցան:
Հարիրի հաստատեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ սիւննի – շիի սադրանքներ նախապատրաստուին` աւելցնելով, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը պաշտպանել եւ զայն Իրաքի ու Սուրիոյ չվերածել:
Իր կարգին, Սալամ շեշտեց, որ Հարիրիի մտահոգութիւնը երկրին փրկութիւնն է եւ ոչ թէ ժողովրդային նուաճումներու իրականացումը:
Սալամ զօրակցութիւն յայտնեց Հարիրիին` շեշտելով, որ իրենք միասնական են դիմադրելու համար Լիբանանի ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն: Ան զգուշացուց ներքին թշնամիներէն:
Ան հաստատեց, որ օրին իրենց որոշումը կը միտէր պաշտպանել Արսալը` շեշտելով, որ նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն զգացումներուն հետ պէտք չէ խաղալ:


