Հարցազրոյցը վարեցին`
ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մարզական համալիրի կառուցման աշխատանքներուն իշխանական բարերարութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերած են տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններ:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ համալիրին բացման պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ գտնուող ամոլին հետ:
Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններ երկու հայրենասէրներ են, որոնք երկար ատեն ապրած են Միացեալ Նահանգներու մէջ, առանց սակայն կորսնցնելու իրենց պատկանելութիւնը` Այնճարի եւ հայկական իրենց արմատներուն:
Արագ ակնարկ մը նետելով իր անցեալին վրայ Կայծակ Զէյթլեան կ՛ըսէ, թէ ինք փոքր տարիքէն եղած է ՀՄԸՄ-ական, անդամակցած է ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութեան եւ ապա դարձած ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան մաս կազմող կուսակցական մը: Աւելի ուշ ան դարձած է նաեւ ՀՄԸՄ-ի մարզական եւ վարչական պատասխանատու:
24 տարեկանին ան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ` զուտ պտոյտի նպատակով, սակայն հոն հասնելէ ետք փափաքած է այդտեղ ուսանող իր ընկերներուն հետ մնալ եւ ուսման հետեւիլ: Այդ տարիներուն զուգադիպած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, եւ որոշած է քանի մը տարի եւս մնալ Միացեալ Նահանգներ, աշխատիլ ու ապա վերադառնալ, երբ կացութիւնը խաղաղի:
Սակայն Կ. Զէյթլեան Միացեալ Նահանգներու մէջ ունեցած է իր անձնական աշխատանքը եւ հոն հաստատուած:

Անոր աշխատանքները հիմնականին մէջ կապուած են սննդամթերքի: Կ. Զէյթլեան առաջին իսկ օրէն ունեցած է անձնական իր փուռը եւ հաց արտադրած: «Լոս Անճելըսի մէջ 45 տարիէ ի վեր այդ փուռին` «Զէյթլեան պէյքըրի»-ի սեփականատէրն եմ եւ միշտ եղած եմ մեծաքանակ արտադրող», ըսաւ ան:
Հայկական յատուկ արտադրութիւն մը ունենալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կայծակ Զէյթլեան նշեց, թէ ինք սկսած է աւանդական մատնաքաշի պատրաստութեամբ, որ ամերիկացիներուն կողմէ կոչուած է «Արմինիըն պրետ» (Հայկական հաց), եւ այդ անունով կը ծախէին իրենց պատրաստած սենտուիչները:
Ան յայտնեց, որ փուռը միշտ ինքզինք բարելաւելու մէջ է եւ նորարարութիւններ կը կատարէ` արտադրելով նաեւ սննդամթերքի այլ տեսակներ: «Ի միջի այլոց, հացի արտադրութեան կողքին 20 տարի նաեւ թան արտադրած ենք», նշեց ան:
Կ. Զէյթլեան նշեց, որ նախքան Միացեալ Նահանգներ մեկնիլը, ինք Այնճարի մէջ օգնած է իր եղբօր, որ իրենց պատկանող «Օքազիոն» վաճառատան աշխատանքները կը կատարէր: Անոր համար հացի արտադրութիւնը եղած է պապենական աշխատանք` նկատի ունենալով, որ իր հայրը` Յովհաննէս Զէյթլեան, Այնճարի մէջ հիմնած է առաջին փուռը, 1956-ին:
«Օքազիոն» վաճառատան եւ մատնաքաշ հացի մատակարարման մասին պատմութեան այլ տարբերակ մը կը պատմէ մեզի Ծովիկ Զէյթլեան:
Կատարեալ համեստութեամբ ու ազնուութեամբ Ծովիկ կը յիշէ, թէ փոքր տարիքէն մայրը անհանգստացած է, եւ այդ պատճառով ծնողքը ստիպուած եղած են զինք Այնճարի Աւետարանական համայնքի գիշերօթիկը ուղարկել:
«Այդ գիշերօթիկին պայմանները այդքան ալ փայլուն չէին, սակայն մենք միշտ կը լսէինք Այնճարի «Օքազիոն» վաճառատան մասին եւ ամէն օր կը ճաշակէինք մեզի բերուած մատնաքաշը, որ ինծի համար ամէնէն համեղ ուտելիքն էր», ըսաւ ան:
Շարունակելով իր պատմութիւնը` Ծ. Զէյթլեան յայտնեց, որ իր մայրը շուտով մահացած է եւ ճակատագիրի բերումով տարի մը ետք հայրը արկածի մը ընթացքին իր վերջին շունչը փչած, մինչ մեծ քոյրը ամուսնացած էր եւ կ՛ապրէր Միացեալ Նահանգներ: «Հետեւաբար 4 տարի գիշերօթիկ յաճախելէ ետք քրոջս քով` Միացեալ Նահանգներ մեկնեցայ եւ հոն է, որ ծանօթացայ Կայծակին` անմիջապէս յայտնաբերելով, որ Այնճարն ու այդքան սիրած մատնաքաշ հացս մեզի միացնող յատկանիշներ են», ըսաւ ան:
Ծովիկ Լոքմանեան ամուսնացած է Կայծակ Զէյթլեանի հետ. անոնք ունին երեք զաւակ` Շանթ, Սեւանայ եւ Հրակ:
Ծ. Զէյթլեան կը հաստատէ, որ իրենց զաւակները յաճախած են Մոնթեպելլոյի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանը, եղած են միութենական` ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի մէջ:

«Շանթը եւ Հրակը մեծ սիրով կ՛աշխատին հետս, նոյն փուռին մէջ: Այժմ ծրագիրներ կը մշակենք փուռին աշխատանքը աւելի յառաջ տանելու նպատակով: Իսկ աղջիկս պետական իրաւաբան է: Ան պսակուած է Լիօ Օհանեանի հետ, եւ ունին 6-ամեայ աղջնակ մը` Լիանա», կ՛ըսէ Կ. Զէյթլեան հպարտութեամբ:
Ծ. Զէյթլեան կը հաստատէ, որ դժուար պայմանները կը հզօրացնեն անձը` աւելցնելով, որ հայ կինը զօրաւոր պէտք է ըլլայ եւ կամք ունենայ դժուարութիւնները յաղթահարելու, որովհետեւ մարտահրաւէրները միշտ առկայ են:
Հայ կնոջ միութենական ըլլալուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ծ. Զէյթլեան կ՛ընդգծէ, որ հայ կնոջ համար իր ընտանիքը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն: «Ան նախ եւ առաջ իր ամուսնոյն ու զաւակներուն լաւագոյն բարեկամը պէտք է ըլլայ, իսկ ապա կարեւոր է, որ ան ունենայ նաեւ միութենական կեանք: Այնքան ատեն որ հայ կնոջ ընտանեկան կապուածութիւնը հզօր է, ան կրնայ աւելի լաւ ծառայել ազգին` միութեան ընդմէջէն», շեշտեց ան:
Իր զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւն ապահովելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ծ. Զէյթլեան շեշտեց, որ եթէ հայկական ոգի ունի մէկը, ապա այդ դաստիարակութիւնը դիւրին է, իսկ եթէ ոչ` դժուար:
Այս առումով ան կը հաստատէ, որ իր ընտանիքին ու զաւակներուն հայկական ոգի ջամբելու իմաստով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ իր ամուսինը:
Ծ. Զէյթլեան իր զաւակներուն դպրոց յաճախած տարիներէն արդէն իսկ մաս կազմած է դպրոցին ծնողաուսուցչական մարմինին: 35 տարիէ ի վեր Ազգային առաջնորդարանի տիկնանց միութեան անդամ է եւ վերջին երեք տարիներուն ստանձնած է անոր ատենապետի պաշտօնը: Ան ՀՕՄ-ի «Կարս» մասնաճիւղի վարչական է, ինչպէս նաեւ 24 տարիէ ի վեր անդամ է Հայ կիներու համաշխարհային միութեան` AIWA-ի (Արմինիըն ինթըրնեշընըլ ուիմենզ էսոսիէյշըն):
Իբրեւ հայ գործարար Կ. Զէյթլեան աշխատանքի նախաձեռնած է նաեւ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի անկախացումէն անմիջապէս ետք` 1991-ին ան այցելած է Հայաստան, ուր երկու տարի ետք ձեռնարկած է աշխատանքի: 10 տարի` 1994-2004 Ջերմուկ գործարանին մէջ ներդրում կատարած է եւ աշխատած գործընկերներու հետ: Ապա դարձած Ջերմուկի մայր գործարանին սեփականատէրը եւ 10 տարի առանձին գործած, մինչեւ 2014: «Սակայն 20 տարուան ներդրումէ ետք, երեք տարի առաջ ընկերութիւնը վաճառեցի, նկատի ունենալով հայաստանցի եւ սփիւռքահայ գործարարներուն համար պարտադրուած տարբեր պայմաններու իրականութիւնը», շեշտեց ան` աւելցնելով, որ ինք 25 առ հարիւրով 5 տարի բաժնետէր եղած է նաեւ «Արարատ» քոնիաքի գործարանին մէջ, սակայն այդ աշխատանքը եւս կասեցուցած է:
Կ. Զէյթլեան Հայաստանի մէջ իր ունեցած փորձառութիւնը կը մերժէ յուսախաբութիւն կոչել, այլ` զայն կը բնորոշէ իբրեւ մարտահրաւէր եւ հայրենասիրական կոչում մը, որ կատարած էր ընդառաջելու համար իր անձնական մտածումներուն:
«Չեմ զղջար այդ փորձառութեան համար, ո՛չ ալ կրնամ ըսել, որ մեծ յաջողութեան հասայ: Սակայն այն ինչ որ պէտք էր կատարեցի եւ գոհ եմ անոր համար: Ճիշդ է, որ հոգեկան բաւարարութեան համար կատարեցի այդ գործը, սակայն դէմ յանդիման գտնուեցայ բաւական մեծ դժուարութիւններու: Կացութիւնը նման է ճակատի վրայ կռուող ոեւէ զինուորի, որ միշտ առաջնագիծի վրայ է եւ ենթակայ վիրաւորուելու: Ինծի համար մարտահրաւէր մըն էր, որ կատարեցի` ընդառաջելով Հայաստանի անկախացման կանչին», յայտնեց Կ. Զէյթլեան:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի մէջ յաջող գործարար ըլլալու համար հոն սկսելիք աշխատանքը նորարարութիւն մը պէտք է ըլլայ, կամ ալ ան նոր տեսակի գործի մը մէջ ներդրում կատարէ, «այլապէս մրցակցութիւնը շատ սուր պիտի ըլլայ, եւ ձեռնարկուած աշխատանքը Հայաստանի մէջ գործ սկսած սփիւռքահայուն համար ձախող աւարտ պիտի ունենայ», ըսաւ ան:
Կ. Զէյթլեան հաստատեց նաեւ Հայաստանի մէջ անձնական աշխատանք ունենալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ յաջողիլ: «Գործընկերութեան պարագային աշխատանքը տարբեր պատճառներով կը ձախողի: Իսկ եթէ մէկը իր անձնական գործը պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ, ապա իր կեանքը հոն պէտք է ըլլայ եւ կամ աշխատանքային ժամերուն 50 առ հարիւրը հոն անցընէ: Զբօսաշրջիկի հոգեբանութեամբ գործարարութիւնը ձախողութեան ենթակայ է», հաստատեց ան:
Այնճար կատարած յաճախակի իր այցելութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Զէյթլեան կը շեշտէ, որ իր հարազատներուն հետ ըլլալու փափաքին համար է, որ միշտ կ՛այցելէ Այնճար: Ան նշեց, որ իր եղբայրը` Պօղոս Զէյթլեան, «Արեւ» ճաշարանի սեփականատէրը, Այնճար կը գտնուի, եւ իր այցելութիւնները ընդհանրապէս հարազատներուն հետ ըլլալու նպատակը կը հետապնդեն:
Ան նշեց, որ Այնճարի մէջ կը գտնուի նաեւ իր հօրենական բնակարանը, եւ ինք կը զբաղի նաեւ այդ բնակարանին նորոգութեամբ, որպէսզի յաւելեալ պատճառ ունենայ աւելի յաճախ այցելելու իր ծննդավայրը:
ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մարզական համալիրին վերակառուցման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Զէյթլեան շեշտեց, որ ատիկա իրենց անձնական նախաձեռնութիւնը չէ, սակայն 25 առ հարիւրի տոկոսով մը մասնակցած են այդ համալիրի շինութեան` գիտակցելով ազգօգուտ այդ աշխատանքին եւ գիւղին այդ կարիքը գոհացնելու կարեւորութեան:
«ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան եւ Այնճարի քաղաքապետութեան առաջարկեցինք այդ աշխատանքը իր աւարտին հասցնելու իմաստով նպաստ տրամադրելու մեր պատրաստակամութիւնը, որուն համաձայն գտնուեցան կոմիտէութիւնն ու քաղաքապետութիւնը եւ մեզի պատիւ տուին` մեր անունով կոչելով պասքեթպոլի դաշտը», հաստատեց ան:
Ապագայ ծրագիրներուն եւ նախաձեռնութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Կ. Զէյթլեան շեշտեց, որ քաղաքապետութիւնը ունի տնտեսական շարք մը ծրագիրներ, որոնց մասին տակաւին չէ յայտարարած` աւելցնելով, որ ինք իր միտքերով, գաղափարներով եւ անձնական փորձառութեամբ օգտակար կը դառնայ քաղաքապետութեան:
Ան անհրաժեշտ նկատեց Այնճարի մէջ աշխատատեղիներու ստեղծումը: «Սակայն ես բանուոր հասկացողութեամբ աշխատատեղիի մասին չէ որ կը խօսիմ, այլ` անձնական գործի եւ գործարարութեան: Այնճար կարիքը ունի այդպիսի յառաջդիմութեան», ըսաւ ան:
Ան 1980-ին Լոս Անճելըսի մէջ հիմնադրած է Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնը` ընկերակցութեամբ տէր Նարեկ քհնյ. Շիրիկեանի, Վահրամ Շեմմէսեանի, Րաֆֆի Ուրֆալեանի, Նորայր Շերպեթճեանի եւ Հայկուհի Գասամանեանի:
«Միութիւնը մինչեւ օրս կը գործէ: Տարին անգամ մը մենք կը տօնենք Մուսա լերան
հերոսամարտը եւ տարին քանի մը անգամ ալ ընկերային այլ հաւաքներ կը կազմակերպենք: Մեր միութեան կ՛անդամակցին քանի մը հարիւր մուսալեռցի ընտանիքներ», նշեց ան:
Հայրենակցական միութեան կողքին Կայծակ Զէյթլեան մնայուն կերպով անդամակցած է նաեւ ՀՅԴ կոմիտէութիւններու, Հոլիվուտի մէջ ան եղած է ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի անդամ, աւելի ուշ` ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի անդամ:
«Լոս Անճելըսի մէջ մաս կազմած եմ չորս տարբեր կոմիտէութիւններու եւ գործած անոնց ընդմէջէն` կատարելու ազգային գործունէութիւնս», ըսաւ ան:
Կայծակ Զէյթլեան կը հաստատէ, որ ինք Միացեալ Նահանգներու մէջ ունի իր շրջանակը եւ իր հայկական ընկերային շրջապատին մէջ հանգիստ կը զգայ: Ան տարիներ շարունակ եղած է նաեւ Արեմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի երեսփոխան, ինչպէս նաեւ հոգաբարձու` «Ալեք Փիլիպոս» վարժարանին:
«Մենք գրեթէ 45 տարուան ընթացքին Միացեալ Նահանգներու մէջ ապրած ենք հայկական շրջանակի մէջ: Հակառակ անոր որ ունինք ամերիկացի բարեկամներ, սակայն մենք մեզի ամերիկեան մթնոլորտին մէջ չենք զգար», ըսաւ ան:
Նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն եւ հայ երիտասարդներուն ուղղելով իր պատգամը` Կայծակ Զէյթլեան ըսաւ, որ ո՛ւր որ ալ ըլլայ, հայ ըլլալը առաւելութիւն է: «Որեւէ երկրի մէջ ըլլալու պարագային հայերէնի իմացութիւնը առաւելութիւն է, հայը հայոց պատմութիւն գիտնալով Միջին Արեւելքի հետ կապը պահած կ՛ըլլայ, իսկ հայ երիտասարդը իր ընկերներէն անպայման կը զատորոշուի` իր ունեցած տարբեր աշխարհահայեացքով: Ես` իբրեւ Միացեալ Նահանգներ ապրող այնճարցի հայ մը, ինքզինքս լաւ ու հանգիստ կը զգամ: Ես հողէն, գիւղէն, ցանքէն ու ծառէն սկսեալ մինչեւ այսօրուան ամէնէն արդի արհեստագիտութենէն տեղեակ եմ: Այդ փորձառութիւնը առօրեայէն եւ ընկերային շրջապատէն կու գայ: Հետեւաբար հայ երիտասարդը հաստատ առաւելութիւններ ունի սովորական այլ երիտասարդէ եւ անոր համար հպարտ պէտք է զգայ` առանց հայ ըլլալու իրականութիւնը բարդոյթի վերածելու: Երբ քիչ ես եւ որեւէ սովորական ժողովուրդի զաւակը չես ու դատ ունիս, ապա գոյատեւելու պայքար ունիս, եւ կեանքը յաւելեալ մարտահրաւէրներով լեցուն է քեզի համար: Հետեւաբար ոեւէ մարդ արարած չես դուն, այլ կոչուած ես ազգային ինքնութեանդ տէր կանգնելու, սակայն առանց մոլեռանդութեան», հաստատեց Կ. Զէյթլեան:


