Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեսրոպեան Արհեստից Վարժարանի «Ովասիս» Ամառնային Ծրագիրը Կը Թեւակոխէ 20-րդ Տարին

September 9, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

25 օգոստոս 2017-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսութիւնը արհեստից վարժարանի «Ովասիս» ամառնային ծրագրին, որ 19-րդ տարին ըլլալով արձակուրդի գեղեցիկ օրեր պարգեւեց մասնակիցներուն:

Այս տարուան «Ովասիս»-ը բացուեցաւ 5 յուլիսին: Ծրագիրը իրականացուց երիտասարդ եւ աշխուժ անձնակազմ մը` մօտ 45 անդամներով, գլխաւորութեամբ Քարոլին Փուշեան-Թերզեանի: Ամբողջ 8 շաբաթներ 3-13 տարեկան մանուկներ եւ պարման-պարմանուհիներ հետեւեցան  բազմակողմանի ծրագրի մը, որ ընդգրկեց` ձեռային աշխատանքներ, նկարչութիւն, ժապաւէնի ցուցադրութիւն, զանազան մարզաձեւեր (ֆութպոլ, պասքեթպոլ, մարտարուեստ եւ հեծանիւ), թատրոն, դաստիարակչական խաղեր, համակարգիչի ուսուցում, խոհանոցի գիտելիքներ եւ կրօնագիտութիւն: Առաւել խանդավառ մթնոլորտի մէջ անցան շաբաթավերջի պտոյտները դէպի լողաւազաններ եւ Լիբանանի տեսարժան վայրեր` անմոռանալի յուշեր դրոշմելով մասնակիցներու հոգիներուն մէջ: Նախքան այդ, գործադրուած էր «Փոքրիկ ովասիս»-ը` 12-30 յունիսին, առաւելագոյնս օգտուելու համար արձակուրդային օրերէն:

«Ովասիս»-ի փակման հանդիսութիւնը հարազատ արտայայտութիւնը եղաւ իրագործուած ծրագրին եւ մասնակիցներու տրամադրութիւններուն: Ծնողներու եւ բարեկամներու խուռներամ ներկայութեան, 2017-ի ովասիսականները ներկայացուցին գեղարուեստական բազմագոյն յայտագիր մը` հայկական եւ միջազգային պարեր, խմբերգներ, թատերական պատկերներ եւ մարզական ցուցադրութիւններ, վերապրելով այն ամբողջ ուրախութիւնը, զոր ունեցած էին ծրագրի ընթացքին: Հանդիսավարն էր Վարդան Ազնաւուրեանը:

Հանդիսութեան բացման խօսքին մէջ Քարոլին Թերզեան գոհունակութիւն արտայայտեց այն մասին, որ կարելի եղաւ ամբողջութեամբ գործադրել  առաջադրուած ծրագիրը: Այսպիսով, 19 տարիներու ընթացքին «Ովասիս»-ը ունեցաւ աւելի քան 3700 մասնակիցներ` Լիբանանի տարբեր շրջաններէն եւ արտասահմանէն ժամանած հայ մանուկներ եւ պատանիներ, անոնց համար ապահովելով ամառնային արձակուրդի հաճելի եւ օգտակար միջավայր:

Հանդիսութեան եզրափակիչ իր խօսքին մէջ  Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արհեստից վարժարաններու տնօրէն Կրեկուար Գալուստ դիտել տուաւ, որ իրագործուած յաջողութիւնը արդիւնք էր լուրջ, բծախնդիր եւ լաւապէս կազմակերպուած աշխատանքի, որուն համար ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց «Ովասիս»-ի անձնակազմի անդամներուն:

Կ. Գալուստ դիտել տուաւ, որ 2018-ին պիտի նշուի «Ովասիս»-ի 20-ամեակը, ինչ որ վստահաբար առիթ պիտի ըլլայ իւրայատուկ բնոյթ մը հաղորդելու յառաջիկայ տարուան ծրագրին: Ան վստահեցուց, որ «Ովասիս»-ը միշտ պիտի մնայ հայաշունչ միջավայր մը` հայ մանուկներու եւ պատանիներու համար, եւ միշտ պիտի գործէ այնպէս, որ ամառնային արձակուրդները անմոռանալի յիշողութիւններ պարգեւեն անոնց:

 

Նախորդը

Ծանօ՞թ Էք Կրիթըրին

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Երկու Աշակերտ` Մեծագումար Կրթաթոշակներու Մրցանակակիր

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.