ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ կայտառ էք եւ գործ մը կրնաք կատարել առանձին, մինչ նոյն գործը ուրիշներ քանի մը հոգիով կ՛ընեն, ի՛նչ ուժ եւ տոկունութիւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր զգացումները արագօրէն կ՛արտայայտէք եւ ձեր գաղտնիքները կը յայտնէք այնպիսի մարդոց, որոնց վրայ մեծ վստահութիւն ունիք: Այս ձեւով ձեր մտահոգութիւնները կը թեթեւնան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Այսօր բարձր տրամադրութիւն ունիք եւ տօնական օրուան մը պէս պիտի ապրիք, ինչո՞ւ ոչ: Վերջապէս շաբթուան աշխատանքէն ետք դուք ալ իրաւունք ունիք վայելքի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր գո՞րծ մը կը փնտռէք. շատ դիւրութեամբ պիտի գտնէք եւ ձեր նախընտրած ճիւղին մէջ. ձեզի կը մնայ պատրաստել ձեր կենսագիրը, եւ ամէն ինչ դիւրին պիտի ընթանայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ հիւրընկալ էք եւ յաճախ ձեր բարեկամներն ու ընկերները խնճոյքի կը հրաւիրէք: Հակառակ այս երեւոյթին լաւ բան մը ըլլալուն, մի չափազանցէք, քանի որ կրնան ձեզ օգտագործել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր շատ գործեր ունիք կատարելիք եւ ժամանակը կորսնցնելու չէք: Ծրագրուած աշխատեցէք, որ դիւրին ընթանայ ամէն ինչ, իսկ երեկոյեան հաճելի ընթրիք մը պիտի վայելէք բարեկամներու հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Օրուան յոգնութիւններէն ետք վերջապէս շունչ մը պիտի առնէք: Երեկոյեան բարեկամ մը ձեզ ճաշի պիտի հրաւիրէ եւ օրուան տաղտուկները պիտի մոռնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր նախասիրած գործերը դիւրութեամբ եւ հաճոյքով կը կատարէք եւ բնաւ յոգնութիւն չէք զգար: Ընկերային կեանքի մէջ ալ` միշտ պատրաստակամ էք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Շաբթուան նեղացուցիչ աշխատանքները այսօր իրենց աւարտին կը հասնին եւ վերջապէս ձեր հանգիստը պիտի գտնէք: Մեծ մտահոգութիւններէ պիտի ձերբազատիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կալուա՞ծ մը ունենալ կ՛ուզէք. այսօր առիթը պիտի ներկայանայ, միայն արթուն եղէք եւ անտարբեր մի՛ գտնուիք, որովհետեւ ձեր ճաշակին յարմար բան մը պէտք է ըլլայ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբթուան յոգնութենէն ետք կրնաք լեռ բարձրանալ եւ քիչ մը շունչ առնել. այս ձեւով ձեր հոգեկանը պիտի բարելաւուի եւ ձեր յոգնութիւնը պիտի մոռնաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անտրամադիր էք այսօր եւ ոչինչ ընել կ՛ուզէք. բարեբախտաբար բարեկամները ներկայ են: Երեկոյեան ընթրիքի հրաւէր մը պիտի ստանաք, ինչ որ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ:
