
Լիբանանի ճատրակի Ա. դասակարգի ակումբներու ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Անթիլիասի տղոց կազմը արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 5-1 արդիւնքով յաղթեց Թանմիէին:
ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը, որուն մաս կը կազմէ հայրենի կրանտմասթըր Գաբրիէլ Սարգսեան, իր կատարած առաջին մրցումին 5,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Ֆրերներուն:
Նշենք, որ բոլոր մասնակցողներուն մէջ Սարգսեան ունի ամէնէն բարձր վարկանշային կէտը` 2652:
Անոր կը յաջորդէր Անդրանիկ Անթիլիասին մաս կազմող հայրենի ճատրակ խաղացող Մանուէլ Պետրոսեան (2565):
Սարգսեանի նման Պետրոսեան, որ իր կարգին կը խաղայ առաջին խաղատախտակին վրայ, ցարդ իր կատարած երկու հանդիպումներն ալ աւարտած է յաղթանակով:
Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 18:30-էն սկսեալ իրարու դէմ կը մրցին ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Անդրանիկ Անթիլիաս:
Նշենք, որ այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ):


