Լիբանանեան գիւղերու մասնակցութեամբ «16 խումբեր) պասքեթպոլի երրորդ միջգիւղական մրցաշարքը սկսաւ նախանցեալ օր` կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան: Նշենք, որ այս մրցաշարքի կայացման գաղափարը կու գայ Պէյթ Մերիի քաղաքապետութենէն:
Մրցաշարքը, որ պիտի երկարի մինչեւ 17 սեպտեմբեր, կը խոստանայ ըլլալ բաւական հետաքրքրական, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք այն պարագան, որ Ա. հանգրուանի մրցումները ընթացան մեծ խանդավառութեամբ:
Յիշատակելի եղաւ Պարժա խումբին (Գ. խմբակ) արձանագրած յաղթանակը Պոլոնիայի դէմ (79-70), երբ յաղթական կազմին մարզիկներէն Սելիմ Հաժ նշանակեց 47 կէտ:
Բ. խմբակին մէջ, Պիսքանթա յաղթեց Պէյթ Մերիի Վեթերաններուն (77-50), մինչ Քաթլապա` Տըհուր Շուէյրին (46-44):
Ա. խմբակին մէջ, Պէյթ Մերի յաղթեց Մազրաաթ Եաշուհի (72-39), իսկ Զալքա` Քըրնեթ Շահուանի (49-41):
Գ. խմբակին մէջ, Պալլունէ յաղթեց Ապտլալիի (71-61):
Վերջապէս, Դ. խմբակին մէջ, Պաապտեթ յաղթեց Քաաքուրի (54-37), իսկ Պսալիմ` Տէյր Քամարի (83-62):
Նշենք, որ իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին քառորդ աւարտականին:



