ՖԻՖԱ-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ 17 հոկտեմբերին Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա) տեղի պիտի ունենայ 2018-ի մոնտիալի Եւրոպայի ցամաքամասի փլէյ-օֆի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ինչպէս ծանօթ է, 9 խմբակներուն առաջին դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի ախոյեանութեան իրենց տոմսերը:
Իսկ երկրորդ դիրքը գրաւած լաւագոյն 8 խումբերը յաւելեալ 4 տոմսերու համար փլէյ-օֆի մրցումներ պիտի կատարեն իրարու դէմ (երթուդարձի դրութեամբ)` միանալու համար այդ 9 խումբերուն:
Եւրոպայէն 14-րդ խումբը` Ռուսիա, արդէն իսկ պիտի մասնակցի մոնտիալին, առանց զտումի մրցումներուն մասնակցելու, իբրեւ հիւրընկալ երկիրը:
Նշենք, որ Եւրոպայէն ցարդ միայն Պելճիքան ապահոված է իր տոմսը:



