Միացեալ Նահանգներ շուրջ 30 միլիոն տոլար պիտի ծախսեն թրքական «Ինճիրլիք» ռազմակայանի արդիականացման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատու գործակալութեան թրքական ծառայութիւնը:
ՕԹԱՆ-ի անդամ ուժերը նշեալ ռազմակայանէն կ՛օգտուին 1954-էն ի վեր:
«Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու 2018-ի պիւտճէի ծրագրաւորման քննարկումներուն ծիրին մէջ ամերիկեան օդուժը 30 միլիոն տոլար պահանջած է «Ինճիրլիք»-ի արդիականացման ծրագիրը իրականացնելու համար:
Ատանայի մէջ գտնուող ռազմակայանէն բացի, կը սպասուի, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի զբաղին նաեւ Մալաթիոյ մէջ գտնուող «Քիւրեճիք Ռատար» օդուժի արդիականացման ծրագիրով:



