Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզը Անկախութեան Հանրաքուէի Նախօրէին

September 8, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի արբանեակային «Ռուտաու» պատկերասփիւռի կայանը շաբաթներ առաջ հաղորդեց, որ ընթացիկ տարուան սեպտեմբեր 25-ին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի պիտի ունենայ անկախութեան հանրաքուէ: Նշեալ պատկերասփիւռի կայանը հանրաքուէի մասին շաբաթներէ ի վեր քարոզչական աշխատանք կը տանի նաեւ:

Նախ պէտք է ըսել, որ նշեալ հանրաքուէին համար հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի Քիւրտիստանի հայրենասիրական միութեան (ՔՀՄ) եւ Քիւրտիստանի ժողովրդավարական կուսակցութեան (ՔԺԿ) ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցած են հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլի մէջ աշխատող օտար դիւանագէտներու եւ հիւպատոսներու հետ` զանոնք նախազգուշացնելու համար նշեալ տարածքի անկախութեան հանրաքուէ կատարելու մասին: Քիւրտերը իրենց փափաքը յայտնած են մարզին մէջ ներկայացուցչութիւններ ունեցող երկիրներուն, որ հանրաքուէն որեւէ ազգի, ներառեալ քիւրտ ժողովուրդին բնական իրաւունքն է:

Տեղի ունենալիք անկախութեան հանրաքուէի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

Պատրաստուած են քրտերէն, արաբերէն, թրքերէն եւ սուրիանիներէն միատեղ բացատրողական քուէաթերթիկներ` հանրաքուէի օրուան համար:

Քուէաթղթիկին վրայ գրուած է հետեւեալը. «Քիւրտիստանի եւ վիճելի տարածքները իր մէջ ներառուած` կը ցանկանա՞ք անկախ Քիւրտիստան պետութեան ստեղծումը»:

Վերոնշեալ գրութեան տակ կը գտնուի Իրաքի Հանրապետութեան դրօշակը, ուր գրուած է «ոչ»: Իսկ անոր կողքին` Իրաքի տարածաշրջանի քրտական մարզի դրօշակը, հոն ալ «այո» նշանը տեղադրուած: Հանրաքուէի օրը քուէարկողը պիտի ընտրէ երկուքէն մէկը:

Անմիջապէս յայտնենք, որ թրքական լրատուամիջոցներ այս լուրը հաղորդեցին եւ քուէաթղթիկի մասին լուրը տարածեցին, որ «երեք լեզուներով տպագրուած է» միայն, դժբախտաբար նկատի չարին սուրիանիներէնը:

Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին քիւրտերը կ’ուզեն իրենց բնակչութեան կամքը ցուցադրել միջազգային ընտանիքին, միւս կողմէ` բանակցութիւններու մէջ մտնել Պաղտատի հետ, որպէսզի հասնին անկախութեան:

Ի հարկէ քիւրտերու անկախութիւնը արմատական իրավիճակ կը փոխէ տարածաշրջանին մէջ, սակայն դժուար է ըսել, որ քիւրտերը դիւրին կրնան հասնիլ անկախութեան: Պատճառները միայն արտաքին գործօնները չեն, կան նաեւ ներքին բարդութիւններ:

Վերոնշեալ իրադարձութիւնը տարածաշրջանին մէջ դրացի երկիրներու կողմէ կը դիտուի իբրեւ մեծ բարդութիւն: Մէկ կողմէ ընդվզումի առարկայ է քրտական պետութեան հանրաքուէի ոչ արդարացի ըլլալը, միւս կողմէ` կը պաշտպանուի Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը:

Շրջանին մէջ, սակայն, այս առնչութեամբ ամէնէն անհանգիստ պետութիւնը բնականաբար Թուրքիան է: Թուրքիան, հասկնալի պատճառներով, պատրաստ է ամէն ջանք գործադրելու, որպէսզի Իրաքը մնայ միասնական պետութիւն` իր ներկայի սահմաններով, քանի որ Քիւրտիստանի փաստացի ինքնորոշումը կտրականապէս կը հակասէ Թուրքիայի շահերուն:

Անգարա յայտարարեց` «հանրաքուէն շրջանին մէջ պիտի նպաստէ անկայունութեան»: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր կարգին յայտարարեց. «Իրաքի քրտական մարզի հանրաքուէն կրնայ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել»: Իսկ Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Պուրաթ Ալպայրաք յայտարարած էր. «Հանրաքուէն պիտի վնասէ քրտական մարզի քարիւղի բնագաւառին, մանաւանդ որ հում վիճակի մէջ արտածման համար օրական հազարաւոր տակառ քարիւղ կը մղուի դէպի թրքական Ճիհան նաւահանգիստ»:

Իսկ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի անկախութեան հանրաքուէին համար վերջերս առիթով մը անդրադարձաւ, որ` «Պարզանի յամառութիւն կը ցուցաբերէ: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն ստացած աջակցութեամբ առաջ կը շարժի: Պարզանի կը ճանչնայ Անգլիան, Ամերիկան, բայց չի ճանչնար թրքական պետութիւնը: Վաղը, ինչպիսի ապտակ ստանալն ալ, ապտակը ստանալէն ետք պիտի անդրադառնայ, սակայն գործը գործէն անցած պիտի ըլլայ»:

Պահչելի անկախութեան հանրաքուէին թիւրքմէններու չմասնակցելու մասին ընդվզում յայտնած է` ըսելով, որ անկախութեան հանրաքուէին պէտք է մասնակցի նաեւ իրաքեան Քերքուք շրջանի բնակչութիւնը, ուր մեծ մասամբ թուրքմէններ եւ արաբներ կը բնակին` աւելցնելով, որ` «Քերքուք թուրք է, թուրք ալ պիտի մնայ»:

Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Մասուտ Պարզանի մարզի անկախութեան շուրջ հանրաքուէին վերաբերեալ վերջերս յայտարարեց, որ իրաքցի քիւրտերը անկախութեան հասնելէն զատ` ուրիշ լուծում մը չունին, եւ աշխարհի բոլոր քիւրտերուն կոչ ուղղեց անկախութեան աջակցելու: Իսկ Պաղտատին պատգամ մը յղելով` յայտնեց. «Եթէ գործընկերներ ըլլալու առումով ձախողեցանք, ապա թող որ լաւ դրացիներ ըլլանք»:

Ըստ Պարզանիի, անկախութեան հարցով հանրաքուէն կրնայ կանխարգիլել շրջանը պատուհասող նոր արհաւիրքն ու նպաստել քիւրտ ժողովուրդի միաւորման: «Ես կ’ուզեմ, որ դուք աջակցիք ատոր, որովհետեւ մենք անկախութեան հասնելէն զատ` ուրիշ լուծում մը չունինք», ըսած է ան:

Վերջապէս, հանրաքուէի իրագործումով ականատես կ’ըլլանք մեր տարածաշրջանի մէջ կատարուելիք այսպիսի մեծ իրադարձութեան մը, եւ այս իրողութիւնը բնականաբար մեծ սպառնալիք է Թուրքիոյ համար: Ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ հանրաքուէն ի՛նչ անակնկալներ պիտի բերէ հետը:

Յամենայն դէպս այսօր իրաքեան քրտաբնակ շրջանները կանգնած են չափազանց լուրջ երկընտրանքի դիմաց: Պատճառը շատ հասկնալի է, որովհետեւ քրտական գործօնի օգտագործումով կարելի է լրջօրէն ապակայունացնել իրավիճակը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ իրականացնել նոր աշխարհաքաղաքական բաժանում:

Այդ է պատճառը, որ երբեք իշխանութեան տարածաշրջանային մակարդակի ընտրութիւնները այդքան լարուած ուշադրութեան առարկայ չեն դարձած, ինչպէս` Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մէջ սպասուող հանրաքուէն եւ ընտրութիւնները:

Վերջին հաշուով, այդ օրը քիւրտերուն համար պատմական օր է, քանի որ ազատ Քիւրտիստանի մը գոյութիւնը պատմական հնարաւորութիւն կրնայ տալ հետագային դրացի երկիրներու մէջ ապրող քիւրտերուն համար:

Անշուշտ, առաջին կարգի անհրաժեշտ է սեպտեմբեր 25-ին Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի մէջ կայանալիք անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքները սպասել:

 

 

 

Նախորդը

Հայրենիքի Շուքին Տակ Լաւագոյն 14 Օրեր

Յաջորդը

Արհեստագիտական Նորութիւններ Եւ Հայաստան

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.