
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, անոր լողաւազանին մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ «Ուոթըր-Փոլօ-2017»-ը (ջրագնդակ)` մասնակցութեամբ 5 ակումբներու: Անոնք են` Սաթելիթի, «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.», 1875, Հոլիտէյ Պիչ եւ Աքուամարինա:
Իր կատարած մրցումներէն 12 կէտ ապահովելով` Սաթելիթի տիրացաւ տիտղոսին, յաջորդաբար 14-րդ անգամ ըլլալով:
Այս իրագրծումը կատարելով Սաթելիթի իր անունը պիտի արձանագրէ մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքին մէջ:
Մրցաշարքի աւարտին յաղթական կազմին մարզիչը` Սեւակ Տեմիրճեան, մրցաշարքին տիտղոսը ստացաւ կազմակերպիչներէն:
Իրաւարարները եկած էին Քուէյթէն:


