Պաքու պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով առարկայական բանակցութիւններու, գնդակը Երեւանի դաշտն է: Այս մասին ազրպէյճանական «ԱզերԹԱճ» պետական լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիքմեթ Հաճիեւ:
«Ազրպէյճան բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է առարկայական բանակցութիւններու ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յառաջ քշած առաջարկներուն շուրջ, որոնք բանակցութիւններու սեղանին վրայ են: Ինչպէս կ’ըսուի, գնդակը Հայաստանի դաշտն է», ըսած է Հաճիեւ:
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը նշած է, թէ Հայաստան պէտք է անկեղծ պատասխան տայ միջազգային ընտանիքին, ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Ազրպէյճանի առաջարկներուն հիման վրայ լուրջ բանակցութիւններու կոչերուն:



