Ատհայի տօնին առիթով երկարատեւ արձակուրդի աւարտէն ետք Լիբանանի քաղաքական բեմը երէկ վերադարձաւ իր աշխուժութեան:
Արդարեւ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պահանջին ընդառաջելով արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ Ընդհանուր դատախազութենէն պահանջեց Արսալի մէջ 2014-ին առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին վերաբերեալ հետաքննութիւն բանալ` առ ի յարգանք ճշմարտութեան, նահատակներուն թափած արեան եւ անոնց ընտանիքներուն տառապանքին:
Ժրայսաթի յայտնեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը բացայայտուած աճիւններուն վերաբերող «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքները պիտի յայտարարէ այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Կը նախատեսուի, որ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքներուն յայտարարութենէն առաջ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունենայ առեւանգուած եւ նահատակուած բանակայիններու ընտանիքներուն հետ:
Այս շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան շրջանառութեան մէջ մտաւ յայտարարութիւն մը, թէ հինգշաբթի ընդհանուր սուգի օր հռչակուած է:
Նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութիւնը իսկոյն հերքեց այդ լուրը` հաստատելով, որ ընդհանուր սուգի օրը ճշդող պաշտօնական շրջաբերականը այսօր պիտի հրապարակուի:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սաատ Հարիրի հինգշաբթի, 7 սեպտեմբեր 2017-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, վարչապետարանին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 44 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Հարիրի երէկ ընդունեց Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Նորմըն Ֆերըլը` ներկայութեամբ ընդհանուր դատախազի տեղակալ Ճոյս Թապեթի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դատական ատեանին աշխատանքները:
Վարչապետին այցելուներէն եղաւ նաեւ ամերիկեան Քոնկրեսի նախկին անդամ Ռէյ Լահուտ:
Նշենք, որ երկուշաբթի, 11 սեպտեմբեր 2017-ին վարչապետ Հարիրի պաշտօնական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի Ռուսիա:



