Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հակառակորդի Ռազմաքաղաքական Մարտավարութիւնն Ու Մեր Կատարելիքները» Նիւթով Խորհրդաժողով

September 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Լուսանկարը` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

ՀՅԴ Բիւրոյին եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին կազմակերպութեամբ, Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ «Հակառակորդի ռազմաքաղաքական մարտավարութիւնն ու մեր կատարելիքները» նիւթով խորհրդաժողով:

4 սեպտեմբերին «Անի փլազա» պանդոկի «Անի» սրահին մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Արցախի եւ Հայաստանի տարբեր նախարարութիւններէ, ինչպէս նաեւ գիտնականներ, փորձագէտներ, Արցախեան ազատամարտի մասնակիցներ եւ լրագրողներ: Ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ ուրիշներ:

Զեկուցումներով հանդէս եկան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Արտակ Զաքարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը (խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային-խմբ.), Արցախի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանեսեանն ու Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի գործադիր բաժինի պետ, գնդապետ Վիկտոր Առուստամեանը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան անդրադարձաւ խորհրդաժողովի անհրաժեշտութեան` դիտել տալով, որ պատերազմի մարտահրաւէրուն դէմ յանդիման կանգնած ըլլալով պարտաւոր ենք նոր նախաձեռնութիւններով հանդէս գալ: «Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը նոր քայլերու ձեռնարկած է, որպէսզի Արցախը գործակցի արտասահմանեան երկիրներու քաղաքներուն հետ, ինչ որ պիտի նշանակէ Արցախի մասամբ ճանաչում», յայտնեց ան` աւելցնելով. «Այդ մէկը, անշուշտ, ունի քաղաքական նշանակութիւն ու կարեւորութիւն: Ատիկա Ազրպէյճանի մէջ  պիտի ստեղծէ հոգեբանական մթնոլորտ, որ զայն պիտի մղէ նոր հակազդեցութիւններու: Կը կարծեմ, թէ ատիկա ՀՅԴ-ի կողմէ ձեռնարկուած ճիշդ նախաձեռնութիւն է, զոր պէտք է քաջալերել»: Ըստ անոր, նման ճանաչում կամ գործակցութիւն  դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ միջազգային մակարդակի վրայ:

Աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում եւ միտքերու փոխանակում:

 

Նախորդը

Պաքու Քրէական Հետապնդումի Կը Սկսի Արցախ Այցելած Պունտեսթակի 2 Պատգամաւորներու Դէմ

Յաջորդը

Արցախի Անկախութեան 26-ամեակին Առիթով 114 Նորագիրներ Համալրեցին Դաշնակցութեան Շարքերը

RelatedPosts

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները
Հայկական

Հրապարակուեցան Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններուն Պաշտօնական Արդիւնքները

October 27, 2026
Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը  Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին  Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Գրասենեակը Կը Ներկայացնէ Ռուբէն Վարդանեանի Գործին Վերաբերեալ Իրաւական Ժողովածու

October 27, 2026
Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի,  Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր,  Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամով. «Հայ Հասարակութիւնը Պէտք Է Ընդունի, Որ Խաղաղութիւնը Կարեւոր Է Թէ՛ Իր, Թէ՛ Ալ Ազրպէյճանական Հասարակութեան Համար»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.