Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

September 5, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

2-3 սեպտեմբեր 2017-ին‚ՀՅԴ Լիբանանի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու տարած աշխատանքը‚ դիմագրաւած հարցերն ու կարիքները եւ շեշտուեցաւ աշխատանքներու այժմէականացման, առաւել թիրախաւորման ու յաւելեալ համակարգման անհրաժեշտութիւնը:

Երկօրեայ խորհրդաժողովին մասնակիցները քննարկեցին Հայաստանի, Արցախի եւ ջաւախահայութեան վերաբերող քաղաքական ու քարոզչական դաշտը եւ կազմեցին աշխատանքային ծրագիր: ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերը վերահաստատեցին Հայաստանի հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման, Հայաստան-միջինարեւելեան երկիրներ յարաբերութիւններու զարգացման, Արցախի անկախութեան ճանաչման, ջաւախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, թրքական ու ազրպէյճանական քարոզչութեան վնասազերծման, Միջին Արեւելքի մէջ հայանպաստ քարոզչութեան ու հասարակական կարծիքի ձեւաւորման, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան աջակցելու իրենց վճռակամութիւնը:

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցերուն` ժողովը քննարկեց շրջաններուն մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ ջարդերու զոհ եղած ազգային փոքրամասնութիւներու հետ գործակցութեան հարցը եւ որդեգրեց համապատասխան որոշումներ:

ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչները նաեւ անդրադարձան Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու, մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան իրավիճակին: Գոհունակութիւն արտայայտուեցաւ սուրիահայութեան կեանքի բնականոնացման ուղղութեամբ արձանագրուած զարգացումներուն նկատմամբ եւ շեշտուեցաւ վերականգնումի փուլին կարեւորութիւնը‚ ինչպէս նաեւ սուրիա հայութեան համընդհանուր քաղաքական աջակցութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Պէյրութ 3 սեպտեմբեր 2017

ԾԱՆՕԹ: Խորհրդաժողովին մասին «Ազդակ»-ի ընդարձակ թղթակցութիւնը լոյս պիտի տեսնէ մեր յառաջիկայ թիւով` չորեքշաբթի, 6 սեպտեմբեր 2017-ին:

 

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Հայ Դատի Խորհրդաժողովին Առիթով Զեկուցական Հանդիպում` «Հայ Դատի Մարզերը Եւ Մարտահրաւէրները» Նիւթով

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.