
Ատհայի տօնին նախօրեակին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` նուիրուած Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 97-ամեակին: Ան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ լիբանանցիները կը շնորհաւորէ երեք առիթներով: Առաջինը Ատհայի տօնն է, որ կը բովանդակէ երկու պատգամ. «Առաջինը այն է, որ կան բացարձակ սկզբունքներ, որոնց համար կ՛արժէ զոհուիլ, իսկ ազատութիւնը անոնցմէ մէկն է, իսկ երկրորդ` մարդ անհատը ունի սրբութիւններ, որոնցմէ ոչ մէկ ձեւով կրնայ զիջիլ, բացի երբ ան որոշէ իր անձը, ազատութիւնը զոհաբերել ի խնդիր իր ազգի զաւակներուն, ընկերութեան եւ հայրենիքի ազատութեան»:
Նախագահը երկրորդ առիթը նկատեց ահաբեկչութեան դէմ տարուած յաղթանակը, որ իր կարգին զոհաբերութեան լաւագոյն օրինակն է` ընդդէմ այն ահաւոր համաճարակին, որմէ կարելի պիտի չըլլար ձերբազատիլ առանց լիբանանցի հերոսներուն, որոնցմէ ոմանք նահատակուեցան, ուրիշներ վիրաւորուեցան, իսկ այլ խումբ մը կը շարունակէ տակաւին կանգնիլ սահմանին վրայ` ի պաշտպանութիւն մեր գոյութեան ու ապահովութեան: «Մեր սրտագին ողջոյնները, սէրը, յարգանքն ու գնահատանքը բոլորին», աւելցուց ան:
Երրորդ առիթը Մեծն Լիբանանի յայտարարութեան 97-ամեակն է. այս երկիրը վերածուեցաւ գոյացութեան` իբրեւ արդիւնք իր զաւակներուն կամքին ու համերաշխութեամբ ապրելու պատրաստակամութեան: Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան տակաւին մեծ է ու պիտի շարունակէ այդպէս մնալ ոչ թէ իր տարածութեամբ կամ բնակիչներուն թիւով, այլ իր սկզբունքներով ու պատգամով, ինչպէս նաեւ այն զոհողութիւններով, որոնք կը կատարուին Լիբանանին եւ անոր սկզբունքներուն համար, որոնց մէջ հիմնական տեղ կը գրաւէ ճշմարտութիւնը: «Ասկէ մեկնելով յարգա՛նք ճշմարտութեան` իբրեւ մարդկային վեհ արժէք, ինչպէս նաեւ յարգա՛նք նահատակներուն ու անոնց ծնողներուն տագնապին: Եւ որպէսզի անմեղը չդատապարտուի ազգային մեծ թղթածրարներուն մէջ, որոնք կը վերաբերին մեր բանակին, եւ որոնք բոլոր լիբանանցիները յուզեցին, իշխանութենէն կը պահանջեմ անհրաժեշտ հետաքննութիւնը կատարել, որպէսզի ճշդուին պատասխանատուութիւնները: Միայն ճշմարտութիւնն է, որ կ՛ազատագրէ»:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ Պաապտայի մէջ նախագահեց Պետական շուրայի նոր նշանակուած նախագահ Հանրի Խուրիի երդման արարողութեան` ներկայութեամբ արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթիի:
Երդման արարողութենէն ետք նախագահ Աուն Խուրիին յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած նոր պաշտօնը կատարելու իմաստով: Ան շեշտեց, որ Պետական շուրային դերակատարութիւնն է փտածութեան դէմ պայքարիլ, բարեկարգում կատարել ու քաղաքացիին իրաւունքները պաշտպանել:
Նշենք, որ Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-ամերիկեան գործակցութեան խորհուրդի պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու փոխադրութեան հարցերու նախկին նախարար Ռէյ Լահուտի:
Պատուիրակութեան ներկայութեան նախագահ Աուն ընդգծեց, որ խաղաղութեան մշակոյթը կը սկսի տարբեր ըլլալու իրաւունքին նկատմամբ յարգանքով, ինչպէս նաեւ խօսքի ու կրօնի ազատութեամբ:


