Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. «Մենք Հպարտ Ենք Լիբանանեան Բանակին Արձանագրած Յաղթանակներով» Շեշտեց Հարիրի

September 1, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Փարիզ, ուր ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն այսօր Էլիզէի պալատին մէջ պիտի ընդունի Հարիրին:

Հարիրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի հետ` ներկայութեամբ Ֆրանսայի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար Ղատի Խուրիի, Նատեր Հարիրիի եւ վարչապետի խորհրդատուներ Նետիմ Մունլայի եւ Պազիլ Եարետի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Կէսօրէ ետք Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Էտուար Ֆիլիփի հետ:

Ներկայ գտնուեցան Հարիրիի խորհրդատուները, Ֆիլիփի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Էմանուէլ Լոնան, Ափրիկէի եւ Միջին Արեւելքի հարցերու գրասենեակի տնօրէն Ժերոմ Պոնաֆոն եւ զինուորական հարցերու խորհրդատու Պոնուա Տորիոն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէն:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանն ու շրջանը յուզող իրադարձութիւնները եւ Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունեցած հետեւանքները:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան հպարտ է Պեքաայի մէջ լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակներով: «Ասիկա Լիբանանի համար օգտակար է եւ կը հաստատէ, որ լիբանանեան պետութիւնն ու կառավարութիւնը իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ Ֆրանսա իր այցելութեան նպատակն է բացատրել սուրիացի տեղահանուածներուն իրավիճակը եւ այդ մասին յանգիլ այնպիսի լուծումներու, որոնք ե՛ւ Լիբանանին, ե՛ւ տեղահանուածներուն շահերուն կը ծառայեն:

Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ իսկական լուծումը տեղահանուածներուն ապահով վերադարձն է Սուրիա:

Հարիրի հաստատեց, որ լիբանանցիները երկփեղկուած չեն` աւելցնելով, որ ոմանք կը փորձեն յաղթանակը շահագործել, «սակայն ի վերջոյ լիբանանեան պետութիւնը, ժողովուրդն ու բանակը յաղթած են», եզրափակեց ան:

Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ելեւմուտքի եւ առեւտուրի նախարար Պրունօ լը Մերի հետ:

Միւս կողմէ, Ատհայի տօնին առիթով վարչապետ Հարիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս իսլամներն ու արաբները` մաղթելով, որ յաջորդող տօները զուգադիպին աւելի պայծառ օրերու:

Հարիրիի գրասենեակէն հրապարակուած հաղորդագրութեան մը համաձայն, շեշտուեցաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ առեւանգուած բանակայինները ողջ-առողջ վերադառնային իրենց զինակիցներուն հետ նշելու յաղթանակը:

«Բոլորս կը յուսանք, որ Ատհայի տօնը պիտի ըլլայ առիթ մը` վերջ տալու համար քաղաքական տարակարծութիւններուն եւ գործելու ի խնդիր լիբանանցիներուն ձգտումներուն ու Լիբանանի բարգաւաճման: Ներկայ պայմաններուն ընթացքին վարչապետ Հարիրի Ատհայի տօնին առիթով շնորհաւորութիւն պիտի չընդունի», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Սահմանադրական Խորհուրդը Որոշեց Կասեցնել Տուրքերու Օրէնքին Գործադրութիւնը` Քննարկելու Համար Այդ Մասին Ներկայացուած Վիճարկումը

Յաջորդը

«Իշխանութենէն Կը Պահանջեմ Անհրաժեշտ Հետաքննութիւնը Կատարել, Որպէսզի Ճշդուին Պատասխանատուութիւնները» Յայտարարեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.