Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որ յայտնեց, թէ Պասիլի հետ քննարկած է տեղական եւ շրջանային շարք մը իրադարձութիւններ:
Զասիփքին նշեց, որ Պասիլի հետ համաձայն գտնուած է որոշ առաջնահերթութիւններու շուրջ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ահաբեկչութեան դէմ մղուող պայքարին:
«Մոսկուա բարձր կը գնահատէ ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակը», շեշտեց Զասիփքին` շեշտելով, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ զօրակցիլ բոլոր անոնց, որոնք ահաբեկչութեան դէմ կը պայքարին:
Ան աւելցուց, որ յառաջիկայ փուլին Լիբանանի հետ Ռուսիոյ գործակցութեան հորիզոնները բաւական լայն պիտի ըլլան, «ինչպէս նաեւ պիտի շարունակենք մեր միացեալ ճիգերը` սուրիական բանակին հետ», ըսաւ ան:
ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու իմաստով Ռուսիոյ զօրակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զասիփքին շեշտեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին իրենք այդ իմաստով ճիգ չեն խնայած, «որովհետեւ Մոսկուայի կարծիքով` ՖԻՆԻՒԼ-ը բաւական կարեւոր եւ լուրջ աշխատանք կը տանի հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով: Իսկ միջազգային ընտանիքը պէտք է շարունակէ իսրայէլեան ոտնձգութիւնները կասեցնելու իմաստով իր ջանքերը», ընդգծեց ան:



