Երէկ` հինգշաբթի, 31 օգոստոսին, Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Ռուսիոյ մայրաքաղաք մեկնեցաւ Լիբանանի հրացանաձգութեան պատուիրակութիւնը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ մինչեւ 5 սեպտեմբեր երկարող աշխարհի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան:
Ռուսիոյ մէջ Լիբանանը պիտի ներկայացնեն Ռէյ Պասիլ, Ալեն Մուսա, Ռոժէ Սալիպի եւ Հիշամ Ժապըր:
Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ, պատուիրակութեան պիտի միանայ այսօր:



