Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտպանութեան Եւ Զինուորական Ծառայութեան Վերաբերող Օրէնքի Նախագիծերու Ներկայացում

August 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան 30 օգոստոսին հրաւիրած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստի, որուն ընթացքին քննարկուած են «Պաշտպանութեան մասին» եւ «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի օրէնքներու նախագիծերը:

Նիստին սկիզբը ընդգծելով, որ այդ թուականէն կը սկսի սահմանադրական փոփոխութիւններով պայմանաւորուած կարեւորագոյն օրինագիծերու քննարկումներու շարքը, նախագահ Սարգսեան նշած է, որ օրակարգին վրայ ներառուած նախագիծերուն մէջ տակաւին կան բազմաթիւ հարցեր, որոնք մանրակրկիտ, բազմակողմանի քննարկման եւ յստակեցման կարիք ունին: Ան յանձնարարած է վարչապետին այդ քննարկումներուն ապահովել համապատասխան բոլոր նախարարութիւններու մասնագիտական բարձր որակով մասնակցութիւնը, որպէսզի հետագային որեւէ հարց չյառաջանայ այդ նախարարութիւններուն կողմէ օրէնքով նախատեսուած խնդիրներու իրագործման առումով:

Օրակարգի վերոնշեալ հարցերուն մասին խորհուրդի անդամներուն զեկուցած է պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան, որ ժողովականներուն ներկայացուցած է քննարկուող իրաւական աքթերու ընդունման անհրաժեշտութիւնը, ընթացիկ իրավիճակը, խնդիրները եւ օրինագիծերու կարգաւորման նպատակը:

Վիգէն Սարգսեան դիտել տուած է, որ «Պաշտպանութեան մասին» օրէնքը կը կարգաւորէ Հայաստանի պաշտպանութեան կազմակերպման իրաւական հիմքերը, պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ պետական եւ տարածքային կառավարման, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, պաշտօնատարներու, կազմակերպութիւններու` անկախ կազմակերպական իրաւական ձեւէն, զինուած ուժերու եւ այլ զօրքերու գործունէութիւնը, Հայաստանի պաշտպանութեան մասնակցելու հոլովոյթին մէջ քաղաքացիներու իրաւունքները եւ պարտականութիւնները, ինչպէս նաեւ զօրահաւաքային նախապատրաստութեան եւ զօրահաւաքի գործադրութեան վերաբերող հարցեր:

«Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքը կը կարգաւորէ Հայաստանի քաղաքացիներուն` երկրին պաշտպանութեան մասնակցելու սահմանադրական պարտականութեան ծիրին մէջ քաղաքացիներու զինուորական ծառայութեան նախապատրաստութեան, զինուորական ծառայութեան ու պահեստազօրային պատրաստութեան կազմակերպման եւ իրականացման, ինչպէս նաեւ զինուորներուն, անոնց ընտանիքներու անդամներուն ու զինուորներուն հաւասար նկատուող անձերուն իրաւական եւ ընկերային երաշխիքներուն կապուած նախաձեռնութիւնները:

Պաշտպանութեան նախարարը խորհուրդի նիստին ներկայացուցած է նաեւ կառավարութեան եւ Ազգային ժողովին մէջ յիշեալ օրինագիծերու քննարկումներու ժամանակացոյցը, ըստ որուն, համապատասխան բոլոր նախարարութիւններէն արդէն ստացուած եզրակացութիւններու հիման վրայ մշակուած նախագիծերու քննարկումները պիտի սկսին այսօր` 31 օգոստոսին:

 

Նախորդը

Քանատայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ

Յաջորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հասած Է Արցախ

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.