Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Առեւանգուած Բանակայիններուն Ճակատագիրը Բացայայտելու Միակ Միջոցը Բանակցութիւնն Էր» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

August 31, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ վերջին 48 ժամուան ընթացքին իրաքցի պատասխանատուներուն յայտարարութիւններուն, որոնք կը վերաբերէին Արեւմտեան Քալամունի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի հետ կատարուած բանակցութիւններուն:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ինք իրաքցի եղբայրներուն կը փափաքի սիրով պատասխանել եւ լուսաբանել, թէ ՏԱՀԵՇ-ի հետ համաձայնութիւնը այդ էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն մնացորդացն ու անոնց ընտանիքները սուրիական որոշ հողերէ այլ շրջան փոխադրուին, այսինքն` Արեւմտեան Քալամունէն Տէր Զօր եւ ոչ թէ լիբանանեան հողերէ իրաքեան հողեր:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ, անձնատուր եղած եւ յուսալքուած 310 զինեալներ ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի կարենան ունենալ Տէր Զօրի ճակատամարտին ընթացքին` աւելցնելով, որ Տէր Զօրի մէջ կան տասնեակ հազարաւոր ՏԱՀԵՇ-ականներ:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Արեւմտեան Քալամունէն Տէր Զօր փոխադրուած զինեալները Պատիայի ճակատին շրջակայքը պիտի հասնէին, ուր արդէն սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները ամիսներէ ի վեր բուռն մարտեր կը մղեն, եւ Պատիայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը սարսափեցնող ուժը Հըզպալլան է, որ մեծ թիւով նահատակներ ունեցած է: «Հետեւաբար մենք այդ զինեալները կը փոխադրենք ճակատէ մը, ուր մենք կը կռուէինք, դէպի այլ ճակատ մը, ուր դարձեալ մենք կը կռուինք»,  ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ կար ազգային եւ մարդկային թղթածրար մը, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարն էր: Լիբանանեան համախոհութիւնը կը պահանջէր այդ բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումը եւ ազատ արձակումը` եթէ ողջ են, եւ կամ աճիւններու ստանձնումը` եթէ նահատակուած են:

Ան հաստատեց, որ առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրը բացայայտելու միակ միջոցը բանակցութիւնն էր, որպէսզի այդ ազգային ու մարդկային թղթածրարը փակուէր:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ իր դէմ մղուած մարտերուն դիմաց կը տնքար, եւ զինուորապէս կարելի էր այդ հարցը փակել, սակայն այդ պարագային առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը անորոշ պիտի մնար:

«Մեր բոլորին նպատակը հաւատադրժողական ահաբեկչութեան յաղթելն է, իսկ ինչ կը վերաբերի մարտավարութիւններուն, ապա իւրաքանչիւր պատերազմի դաշտ կամ ճակատ իր ղեկավարութիւնը ունի, իսկ Հըզպալլա ոչ մէկ անգամ զլացած է կամ թերացած` ՏԱՀԵՇ-ին դէմ կռուելու իմաստով, եւ անիկա բոլորին համար յստակ է: Հետեւաբար Հըզպալլան կասկածի տակ պէտք չէ առնել կամ մտածել, որ ան յետին նպատակներ ունի, յատկապէս այս ճակատամարտին պարագային», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց նաեւ, որ կարելի չէ ամբաստանել սուրիական իշխանութիւններն ու ղեկավարութիւնը, որովհետեւ այդ համաձայնութիւնը Հըզպալլան է, որ գոյացուցած է, իսկ անոր համաձայն գտնուած է Սուրիոյ ղեկավարութիւնը, որուն բանակը արեւելեան Համայէն արեւելեան Հոմս, հասնելով հարաւային Ռաքքա եւ մինչեւ արեւմտեան Տէր Զօր եւ Պատիա կը կռուի ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ ամէնօրեայ դրութեամբ մեծ թիւով նահատակներ կ՛ունենայ:

«Մենք կը հպարտանանք նաեւ իրաքցի մեր եղբայրներուն մղած կռիւներով, յատկապէս երբ անոնց հետ մենք թիկունք-թիկունքի կռուած ենք, նոյն խրամատներուն մէջ: Մեր պայքարն ու ճակատագիրը մէկ են, իսկ հաւատադրժողական ահաբեկիչներուն, անոնց դաշնակիցներուն, եւ միջազգային ու շրջանային հովանաւորներուն դէմ մեր արձանագրելիք յաղթանակը պատմական պիտի ըլլայ, իսկ մեր եղբայրական կապերը ոչ ոք եւ ոչինչ կրնան խզել», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:

 

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ Երէկ Սահմանադրական Խորհուրդին Մօտ Վիճարկեց Տուրքերու Օրէնքը

Յաջորդը

«Կը Շնորհաւորենք Լիբանանը Անոր Բանակին Եւ Դիմադրութեան Գործողութիւններուն Արձանագրած Նուաճումներուն Առիթով» Շեշտեց Պըրրի

RelatedPosts

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը  Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն  Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Քաղաքական Տարակարծութիւնը Չի Կրնար Ուրիշներու Զոհողութիւններուն Եւ Նահատակութեան Նսեմացման Վերածուիլ»

October 5, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 5, 2026
Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.