Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կէսօրէ ետք ուղղուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդ` վիճարկելու համար տուրքերու օրէնքը:
Խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերու օրէնքի վիճարկումը պահանջող գիրը ստորագրեցին երեսփոխաններ Սամի Ժեմայէլ, Սամեր Սաատէ, Սելիմ Քարամ, Խալետ Տահեր, Տորի Շամուն, Ֆուատ Սաատ, Էլի Մարունի, Ֆատի Հապըր, Նետիմ Ժեմայէլ եւ Պութրոս Հարպ:
Սահմանադրական խորհուրդի կեդրոնէն մեկնումի պահուն Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք այս քայլին դիմած են իրենց եւ լիբանանցիներուն իրաւունքները պաշտպանելու համար:
«Կը մաղթենք, որ Սահմանադրական խորհուրդը առարկայական մօտեցումով ու ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին քննարկէ մեր պահանջը եւ ըստ այնմ որոշում տայ: Տակաւին կը հաւատամ Լիբանանի սահմանադրութեան եւ կը մաղթեմ, որ լիբանանցիներուն դէմ գործուած այս ոճիրը վերջ գտնէ», նշեց ան:
Իր կարգին, Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ դատաւոր Իսամ Սլէյման յայտնեց, որ Սահմանադրական խորհուրդը այսօր առաւօտեան ժամը 10:00-ին պիտի գումարէ նիստ մը` քննարկելու համար տուրքերու օրէնքին վերաբերեալ Ժեմայէլի ներկայացուցած պահանջը:



