Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Անգամ Մը Եւս Կարեւոր Նկատած Է Ուսուցիչին Դերը

August 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Որեւէ փոփոխութիւն կատարելէ առաջ պէտք է յստակօրէն ձեւակերպել նպատակը. ինքնանպատակ շարժումը կործանարար է կրթութեան համար, քանի որ մեր համակարգին մէջ բարեփոխումներու արդիւնքը 5-10 տարի ետք կ՛երեւի: Մենք կ՛ուզենք, որ անոնք ըլլան լաւ մտածուած, յստակ եւ ժամանակի թելադրանքով», նշած է Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան օգոստոսեան խորհրդակցութիւններուն շրջագիծին մէջ  Սիւնիքի մարզի կրթութեան պատասխանատուներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին: Ներկայացնելով բարեփոխումներու իրականացման կառուցուածքը` նախարարը այդ գործին մէջ կարեւոր նկատած է ուսուցիչին դերը` շեշտելով. «Ներկայացնելով «Ուսուցիչ»  նախաձեռնութիւնը` քարոզչութեան ցանկութիւն չունինք, այլ պարզապէս կ՛ուզենք դիմել կրթութեան մարզի ամէնէն կարեւոր  հատուածին` ուսուցչութեան, որ անկախութեան առաջին իսկ օրէն առանց պատշաճ վարձատրութեան, առաքելութեան գիտակցումով կը կատարէ իր պարտականութիւնը: Կ՛ուզենք մշակել քաջալերական համակարգ, որ պիտի նպաստէ ուսուցիչի մասնագիտական որակի բարձրացման, անոր ընկերային վիճակի բարելաւման եւ նախանշէ  հեռանկարային զարգացումները` նպաստելով ուսուցիչի հեղինակութեան վերականգնման», աւելցուց Լեւոն Մկրտչեանը` կոչ ուղղելով  ուսուցչութեան` բովանդակային քննարկումներու ընթացքին  աշխուժութիւն ցուցաբերելու, խօսքէն անցնելու գործի եւ գործնական ծրագիր ներկայացնելու: Անդրադառնալով ուսուցիչներու տարակարգերուն, դպրոցներու ընտրութեան հարցին` նախարարը նշած է. «Անշուշտ, ուսուցիչ ըսելով` ես նաեւ տնօրէնը նկատի ունիմ: Երբ ընտրութենէ  ընտրութիւն մենք անոնց հպարտութիւնը կը հարուածենք, չենք կրնար  ակնկալել, որ անոնք մեր զաւակները, երիտասարդները ճիշդ  դաստիարակեն: Մենք պէտք է կարենանք դպրոցական համակարգը դարձնել բոլորին հոգածութեան առարկան, իսկ ատիկա պէտք է սկսիլ ուսուցիչով»:

Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին նախարար Լեւոն Մկրտչեան այցելած է նաեւ Գորիսի պետական համալսարան, ծանօթացած իրականացուող կրթական ծրագիրներուն եւ համալսարանի  կարելիութիւններուն: Նախարարը հանդիպում ունեցած է համալսարանի դասախօսական կազմին անդամներուն հետ, պատասխանած զանոնք յուզող բոլոր հարցումներուն:

 

Նախորդը

Շիրակի Մարզպետարանին Մէջ Ստորագրուեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիր

Յաջորդը

Նախագահ Փութին Շնորհաւորած Է Նախագահ Սերժ Սարգսեանը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.